Ֆորմիւլա-1. Ռոզպըրկ Արձանագրեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին Առաջին Յաղթանակը
Կիրակի, 15 ապրիլին տեղի ունեցաւ Ֆորմիւլա-1-ի 2012-ի աշխարհի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի կրին փրին` Չինաստանի մէջ:
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք որ 4-րդ հանգրուանի կրան փրին տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 22 ապրիլին` Պահրէյնի մէջ:
Մերսետեսի 26 տարեկան գերմանացի վարորդ Նիքօ Ռոզպըրկ արձանագրեց իր արհեստավարժ ասպարէզին առաջին յաղթանակը երբ 56 լեփնոց այս կրան փրիին արձանագրեց 1 ժամ 36′ 26″ արդիւնք մը: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Մաքլարըն-Մերսետեսի անգլիացի երկու վարորդները` Ենսըն Պաթըն (20″ ուշ) եւ Լուիս Հեմիլթըն (26″ ուշ):
Հեմիլթըն այժմ 45 կէտով կը գրաւէ վարորդներու ընդհանուր դասաւորման 45-րդ դիրքը, իսկ Պաթըն` երկրորդ դիրքը (43): Սպանացի Ֆեռնանտօ Ալոնսօ, որ 9-րդ դիրքը գրաւելով ապահովեց 2 կէտ, 37 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի եօթը անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած գերմանացի Միքայէլ Շումախըրի (Մերսետես), ան 13-րդ լեփին կրան փրին կիսատ ձգեց` անիւի հարց ունենալուն պատճառով: 43 տարեկան Շումախըր ցարդ ապահոված է միայն մէկ կէտ:
Ինչ կը վերաբերի խումբերու ընդհանուր դասաւորման, Մաքլարըն-Մերսետես 88 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, ապա Ռետ Պուլ Ռէյսինկ-Ռընօ (64 կէտ)` 2-րդ դիրքը: 3-րդ դիրքը 37 կէտով կը գրաւէ Ֆեռարի:


