Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. – «Սփիտ Թեսթ» Ապտօ Ֆըղալի Հանդիսացաւ Առաջին
Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին, կիրակի, 15 ապրիլին, «Պիել»-ի կառատան մէջ («Սոլիտեր»-ի շրջան, կեդրոնական Պէյրութ) տեղի ունեցաւ «Սփիտ թեսթ»-ի առաջին հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ 42 ինքնաշարժներու եւ ներկայութեամբ մեծ թիւով հանդիսատեսներու:
Արհեստավարժներու մրցումին առաջին հանդիսացաւ Ապտօ Ֆըղալի, որ իր ինքնաշարժով Միթսուպիշի Լենսըր, արձանագրեց 1′ 29″ 07 արդիւնք մը:
Իսկ ոչ արհեստավարժներու մրցումին, Կարօ Յարութիւնեան (Պի. Էմ. Տապըլիու) հանդիսացաւ երրորդ (1′ 38″ 56):
Սակայն Յարութիւնեան ոչ արհեստավարժներու այլ մրցումի մը (ետեւի անիւներով սկիզբ առնող ինքնաշարժներ) գրաւեց առաջին դիրքը` արձանագրելով 1′ 38″ 56 արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ներկայութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի պատասխանատուներուն:
CATEGORIES Մարզական


