Տեսակէտ. Սփիւռքահայութեան Նկատմամբ Թրքական «Նոր» Քաղաքականութեան Առաջին Քայլը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թրքական լրատուամիջոցներ, ներառեալ` Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը, Ուաշինկթընի մէջ հինգշաբթի, 12 ապրիլին տեղի ունեցած «հայ-թուրք հաշտութիւն» խորագիրին տակ հանդիպումի մը մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին: Անոնք հանդիպումը ներկայացուցին իբրեւ «Միացեալ Նահանգներու մէջ թուրքերու հետ երկխօսութիւն հաստատելու կողմնակից հայեր գտնելու եւ անոնց հետ երկխօսութիւն հաստատելու ուղղութեամբ Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած նոր քաղաքականութեան առաջին քայլը»:
Նշեալ լրատուամիջոցները հանդիպումին մասնակից հայերը կը ներկայացնեն իբրեւ երկխօսութեան կողմնակից հայեր, իսկ այսպիսի հանդիպումները մերժողները` ծայրայեղական հայեր: Իրականութեան մէջ տեղի ունեցածը չափաւորականութեան կամ ծայրայեղականութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունի, այլ` անմտութեան եւ խոհեմութեան: Զարմանալի է, որ նմանօրինակ բազմաթիւ «թրքական խաղերէն» ետք տակաւին կան հայ անհատներ, որոնք երկխօսութեան այսպիսի հրաւէրի մը ծուղակը կ՛իյնան:
«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ հանդիպումին մասնակից հայերէն մէկը հարց տուած է, թէ ինչո՞ւ հանդիպումը 24 ապրիլին մօտ թուականի մը կազմակերպուած է: Ուշացած եւ անտեղի հարցում մը, որ պէտք էր հրաւէրին ընդառաջելէ առաջ հարցուէր: Հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ 24 ապրիլի նախագահական տարեկան ուղերձի նախօրեակին կազմակերպուած թրքական հերթական քարոզչական ձեռնարկ մըն էր, որուն հիմնական նպատակը շօշափելի արդիւնքի մը հասնիլը չէր, այլ` հայ-թուրք երկխօսութեան պատրանքը վերակենդանացնելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արգելք հանդիսանալը եւ նախագահ Օպամային «ցեղասպանութիւն» եզրէն խուսափելու պատրուակ մը տրամադրելը: Անիկա թրքական պետական պատուէրի մը արդիւնքն էր:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ կողմէ լոպիական աշխատանք տանելու համար վարձուած «Առնոլտ-Փորթըր» ընկերութեան աշխատատեղիին մէջ: Յիշենք նաեւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու վերջին շրջանին սփիւռքահայութեան հետ կապ հաստատելու մասին յայտարարութիւններ կատարած էր: Ուստի հանդիպումը կազմակերպած «ՀասՆա» կազմակերպութեան վարչական խորհուրդի թուրք անդամ, Ուաշինկթընի Ազգային պատերազմական քոլեճի ակադեմական եւ «Թուտէյզ Զաման»-ի սիւնակագիր Էօմեր Թաշփիընար ի զուր կը պնդէ, որ հանդիպումը թրքական պետութեան հետ կապ չունի:
Այս առումով` այն ինչ որ թրքական «նոր» քաղաքականութիւն կը կոչուի, իրականութեան մէջ սփիւռքահայութիւնը պառակտելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը արգելակելու թրքական հին քաղաքականութիւնն է: Ատիկա կը նմանի գործածութեան ժամկէտը երկար ժամանակէ ի վեր անցած մգլոտած այն սննդամթերքին, որուն ժամկէտը «վերախմբագրուած» է: Բորբոսած այդ սննդամթերքը դարձեալ հանրութեան կը հրամցուի: Ո՞վ կը փափաքի համտեսել զայն…

