«Իսրայէլ Իրանի Վրայ Չյարձակելու Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած» Կ՛Ըսէ Պարաք
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք յայտնեց, որ Իսրայէլ Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն ընթացքին Իրանի հիւլէական կեդրոններուն վրայ յարձակում չգործելու պարտաւորութիւն չէ ստանձնած:
Պարաք իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ «ես չեմ հաւատար, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրի դադրեցման ուղղութեամբ միջազգային ընտանիքի ջանքերը պտուղներ պիտի տան»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երկուշաբթի երեկոյեան յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի պահպանեն Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներն ու ճնշումները, «մինչ Թեհրան կը մտածէ հիւլէական ծրագիրին գծով տեղի ունենալիք բանակցութիւններու յաջորդ փուլին ինչ ներկայացնել»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի նախապէս յայտարարած էր, որ Թեհրան պատրաստ է հիւլէական բոլոր հարցերը գերտէրութիւններուն հետ բանակցութիւններուն Պաղտատի մէջ նախատեսուած յաջորդ փուլին լուծելու, եթէ Արեւմուտքը սկսի պատժամիջոցները վերցնել:


