«Գոյութիւն Ունին Պետութիւններ Եւ Արտաքին Ուժեր, Որոնք Չեն Ուզեր, Որ Մակ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Ծրագիրը Յաջողի» Կ՛Ըսէ Սերկէյ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ հաստատուած զինադադարին յայտնեց, որ «իսկապէս, զինադադարը յարաբերաբար փխրուն է»` աւելցնելով, որ «գոյութիւն ունին ոմանք, որոնք կ՛ուզեն ձախողութեան մատնել Քոֆի Անանի ծրագիրը եւ (այդ կեցուածքը յայտնեցին) նոյնիսկ այդ ծրագիրի յայտարարութեան ժամանակ»:
Լաւրով նշեց, որ «գոյութիւն ունին պետութիւններ եւ արտաքին ուժեր, որոնք չեն ուզեր, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ծրագիրը յաջողի»: Ան օտար պետութեանց կոչ ուղղեց` «ի շահ սուրիացի ժողովուրդին» եւ ոչ թէ «իրենց աշխարհաքաղաքական փառամոլութեանց եւ անմիջական շահերուն օգտին աշխատելու»:
Սուրիոյ մէջ հաստատուած միջազգային դէտերու մարոքցի ղեկավար Ահմետ Հումէյշ յայտնեց, որ դէտերու պատուիրակութեան առաքելութիւնը «դժուար» է` աւելցնելով, որ «անհրաժեշտ է համակարգում կատարել, ծրագրել եւ քայլ առ քայլ աշխատիլ: Հարցը դիւրին չէ, եւ պէտք է բոլոր կողմերուն հետ համակարգում կատարել. նախ եւ առաջ կառավարութեան հետ, ապա բոլոր կողմերուն հետ»:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հոնկ Լի յայտնեց, որ Չինաստան Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու առաքելութեան կը զօրակցի եւ անոնց պահանջած օժանդակութիւնը պիտի տրամադրէ: Ան նշեց, որ ներկայիս անհրաժեշտ է Սուրիոյ մէջ հաշտութեան աջակցիլ եւ տագնապի խաղաղ լուծման համար աշխատանք տանիլ: Ան ընդգծեց, որ «մենք դէմ ենք որեւէ միջամտութեան, որ կրնայ վարչակարգի փոփոխութեան առաջնորդել»` աւելցնելով, որ սուրիական կացութեան մէջ կարգ մը դրական փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ զգուշացուց, որ Սուրիոյ կողմէ Անանի ծրագիրի որեւէ խախտում «անպայման ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ արագ եւ վճռակամ պատասխանի պէտք է արժանանայ»:


