Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի յայտնեց, որ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութեան հասնիլը մարդկային պարտաւորութիւն է եւ Լիբանան պէտք է լիովին կատարէ այդ պարտականութիւնը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց քրիստոնեաներուն` վերահաստատելու քրիստոնէական նոր գարուն մը, որուն ընթացքին իրենք պիտի ստանձնեն իրենց պատմական դերակատարութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն երէկ մեկնեցաւ Փարիզ` աւարտելէ ետք Լիբանանի մէջ իր ստանձնած դիւանագիտական պարտականութիւնը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ կառավարութեան մօտ կատարեալ համախոհութիւնը նուազագոյնն է` պաշտպանուելու համար ընդդիմութեան արշաւներէն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ֆրանսական իշխանութիւնները կը միտին դիմել հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական ջոկատին, որպէսզի անիկա Լիբանանի ճամբով մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրէ Սուրիա:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ յայտնեց, որ Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի յանձնուած է ներքին համայնքային սադրանքներ նախապատրաստելու պարտականութիւնը, եւ աւելի լաւ կ’ըլլայ, եթէ ան լուռ մնայ: Միւս կողմէ, Քանսօ կոչ ուղղեց հաշուետուութեան կանչելու եւ պատժելու «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Ալի Շաապանի դէմ կրակ բացող կողմը, ով որ ալ ըլլայ ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ կառավարութիւնը արդէն իսկ գոյութիւն չունի, որպէսզի անոր հրաժարականը պահանջենք:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ ընտրական դաշինքներ կայացնելու հաւանականութիւնը մեծ է:

ԵՐԷԿ առաւօտեան ժալ էլ Տիպի մէջ տեղի ունենալիք բողոքի ցոյցը յետաձգուեցաւ` սպասելով կառավարութեան յաջորդ նիստին:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին ընթացքին օգտագործուած է «Շթայեր» տիպի գնդացիր մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երեսփոխանները կառավարութեան վստահութեան քուէն վերատեսութեան պիտի չենթարկեն:

ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան ժամը 9:15-ին իսրայէլեան օդանաւեր խզեցին Լիբանանի օդային սահմանները եւ թռիչքներ ու կեղծ յարձակումներ գործեցին Պընթ Ժպէյլի եւ Թըպնինի վերեւ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլա վստահ է, որ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ջախջախիչ պարտութիւններ պիտի արձանագրէ իր դաշնակից քաղաքական ուժերուն հետ, հետեւաբար ոչ հաւասարակշռուած արտայայտութիւններ կ՛ունենայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ի վերջոյ Լիբանանի մէջ տիրող բռնատիրական վարչակարգը պիտի տապալի, ինչպէս տապալեցան շրջանի բոլոր բռնատիրական վարչակարգերը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ծերակոյտի մը գոյացումը կ՛արտօնէ, որ խորհրդարանը կազմուի համամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուելիք ընտրական օրէնքով մը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս շեշտեց, որ Արեւելքի քրիստոնեաները պէտք է կառչած մնան հողին եւ համախոհութիւն գոյացնեն շրջանի բոլոր քաղաքացիներուն հետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES