Այտամունի Եւ Քուեշրայի Մէջ. «Թուրքիա Կը Զօրակցի Լիբանանցիներուն» Կը Հաստատէ Սերտար Քըլըճ
Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերտար Քըլըճ Աքքարի Այտամուն եւ Քուեշրա թրքաբնակ գիւղաքաղաքները այցելեց` արժանանալով ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան:
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըճի ընկերակցեցաւ թրքական դեսպանատան Ա. քարտուղար Եասին Եասին:
Քըլըճ Այտամունի մէջ բացումը կատարեց իր անուան հանրային պարտէզին, ուր նաեւ տնկեց մայրիի ծառ մը:
Իսկ Այտամունի մէջ թրքական ֆինանսաւորումով կառուցուած դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ Քըլըճի պարգեւատրման հանդիսութիւն, որուն աւարտին Այտամունի քաղաքապետ Մուսթաֆա Իպրահիմ գիւղաքաղաքին բանալին յանձնեց թուրք պաշտօնատարին եւ դրուատեց լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդման առումով անոր ունեցած ներդրումը:
Հանդիսութենէն ետք Քըպէյեաթի «Մոնթէ Վերտի» ճաշարանին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը` ի պատիւ Քըլըճի: Ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի գործավար եւ համադրող Խալետ Թահա:
Քըլըճ ընդգծեց, որ Թուրքիա մնայուն կերպով պիտի զօրակցի լիբանանցիներուն:
Շքըր Կը Դատապարտէ Քըլըճի Այցելութիւնը
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Պաաս կուսակցութեան ղեկավար Ֆայեզ Շքըր, այցելելէ ետք շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի, յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին պիտի բացայայտուին շարք մը ճշմարտութիւններ, յատկապէս Այտամունի եւ Քուեշրայի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները:
«Բոլորը պէտք է քաջ գիտնան, որ Թուրքիա կը փորձէ վառող կրակի վրայ ձէթ թափել եւ ամբողջ շրջանը հրկիզել` գոհացնելու համար Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ կարգ մը արաբական երկիրներու, ինչպէս` Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Սուրիան թիրախ դարձնող բոլոր երկիրներուն ախորժակները», ընդգծեց Շքըր:
Շքըր հարց տուաւ լիբանանեան պետութեան եւ յատկապէս կառավարութեան ու անձնապէս վարչապետին, որ ինչո՞ւ Քըլըճ ժամանած է Լիբանան եւ ի՞նչ է անոր այցելութեան նպատակը: Ան հարց տուաւ նաեւ, որ արդեօք այդ այցելութիւնը կազմակերպուած է արտաքին գործոց նախարարութեա՞ն կողմէ:
Ան շեշտեց, որ համայնքային հրահրումի կեդրոն նկատուող այդ շրջանները Քըլըճի նման պաշտօնատարի մը այցելութիւնը մեծ նշանակութիւն կրնայ ունենալ, յատկապէս այն իմաստով, որ Քըլըճ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան ըլլալու իր օրերէն ի վեր մեծ «ներդրում» ունեցած է սադրանքներու նախապատրաստութեան եւ բաժանումի սերմանումին մէջ:

