Նախարար Սապունճեան Այցելեց Թրիփոլի

Հիւսիսային Լիբանանի ճարտարարուեստի սեփականատէրերուն հետ հանդիպումը

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ այցելեց Հիւսիսային Լիբանանի ճարտարարուեստի, առեւտուրի եւ երկրագործութեան գրասենեակը, որ կը գտնուի Թրիփոլի:

Նախարար Սապունճեան հանդիպում մը ունեցաւ վերոնշեալ գրասենեակի նախագահ Թուֆիք Տապուսիի եւ հիւսիսային Լիբանանի պետական եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ ճարտարարուեստի եւ արհեստագիտութեան մարզերու զարգացման անհրաժեշտութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ ընդգծուեցաւ Լիբանանի յառաջադէմ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը:

Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ ճարտարարուեստի մարզին մէջ անհրաժեշտ է արտացոլել լիբանանցի ժողովուրդին բազմազանութեան եւ ստեղծագործութեան պատկերը:

 

Share this Article
CATEGORIES