Աւստրալիոյ Մէջ Նախագահ Սլէյման Կը Շեշտէ Արտերկրի Լիբանանցիներուն Ընտրելու Իրաւունք Շնորհելու Անհրաժեշտութիւնը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շարունակեց Աւստրալիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը:
Մայրաքաղաք Քանպերայի մէջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Աւստրալիոյ կառավարիչ Քենթին Պրայսի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Պրայս դրուատեց լիբանանեան գաղութին դերակատարութիւնը Աւստրալիոյ մէջ: Ան շեշտեց, որ Աւստրալիա պատրաստ է Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ պիտի օժանդակէ Լիբանանին` պահպանելու համար իր ապահովական կայունութիւնը:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ իսկական խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կարելի չէ հաստատել, առանց ընկերային արդարութեան եւ առանց արաբեւիսրայէլեան տագնապին ամբողջական եւ արդար լուծման:
Նախագահ Սլէյման այցելեց Սիտնի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան գաղութի տարբեր համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած լարուածութիւնը պէտք չէ Աւստրալիա փոխադրել եւ պէտք չէ տարուիլ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ արձանագրուող տարակարծութիւններով:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ծագումով լիբանանցի աւստրալիացի երեսփոխաններու հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը ապահովելու յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ինչ ալ ըլլայ ընտրական օրէնքին բնոյթը:
«Մեր խիղճը կը տանջէ մեզ, եւ մենք պէտք է սկսինք արտերկրի լիբանանցիներուն նկատմամբ մեր պարտականութիւնները կատարել», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ ինք կառչած պիտի մնայ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի մշակումին:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդգծեց միջազգային որոշումներուն, յատկապէս Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը, որուն հիման վրայ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն:


