Սէյիտ Նասրալլա. «Սուրիական Ընդդիմութեան Հետ Փորձեցինք Կապուիլ, Սակայն Անոնք Մերժեցին Պարզապէս Երկխօսութիւն Կատարել»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ռուսիա եոմ» պատկերասփիւռի կայանին հետ:

Հարցազրոյցին ընթացքին սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը դիմադրող եւ ամերիկեան-իսրայէլեան առանցքին դէմ գործող վարչակարգ մըն է, որ կը զօրակցի Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ գործող Դիմադրութեան շարժումներուն:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ անհրաժեշտ է բարեկարգումները գործադրել, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւն կատարել:

Այս շրջագիծին մէջ, սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իրենք փորձած են կապ հաստատել սուրիական ընդդիմութեան հետ, սակայն վերջինս մերժած է պարզապէս երկխօսութիւն կատարելու իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ պատրաստ չէ այս հանգրուանին գործադրելու բարեկարգումները, որովհետեւ անոր նպատակն է տապալել սուրիական վարչակարգը:

Սէյիտ Նասրալլա դիտել տուաւ, որ ինք նախագահ Ասատի մօտ շօշափած է բարեկարգումներ կատարելու իսկական ցանկութիւն` աւելցնելով, որ Լիբանան կը մերժէ միջամուխ դառնալ Սուրիոյ ներքին հարցերուն ու քաղաքականութեան:

Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իսրայէլեան պետութիւնը ապօրինի պետութիւն է:

Share this Article
CATEGORIES