Խորհրդարանի Լիագումար Նիստ. Մարտ 14-Ի Երեսփոխանները Քննարկեցին Կառավարութեան Որդեգրած` Սուրիոյ Տագնապին Գծով Չէզոք Մնալու Կեցուածքը

Վարչապետ Միքաթի խորհրդարանին կը ներկայացնէ կառավարութեան պաշտպանողականը

Խորհրդարանը երէկ գումարեց կառավարութեան հարցապնդումի իր լիագումար նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Խորհրդարանը ունեցաւ երկու անջատ նիստեր, որոնցմէ առաջինը` առաւօտեան նիստը եղաւ փոթորկալի, երբ երեսփոխան Մարուան Համատէ իր արտասանած խօսքին մէջ մերժեց երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել զէնքին ազդեցութեան տակ:

Համատէ նշեց նաեւ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը մեղսակից է Պարուքի կայանի թղթածրարին առումով:

Այս յայտարարութիւնը ընդվզեցուց երեսփոխաններ Էմիլ Ռահմէն եւ Իպրահիմ Քանաանը, որոնք Համատէի եւ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպի հետ գրեթէ հասան ծեծկռտուքի աստիճանին:

Իր կարգին, Հըզպալլայի երեսփոխան Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ Հըզպալլա եւս մեղսակից չէ Պարուքի կայանի հարցին հետ:

Նիստին գումարումէն առաջ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան հարցապնդման նիստին վերաբերող հարցեր եւ երկրին իրադարձութիւնները:

Նիստին սկիզբը վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր Լիբանանի կառավարութեան կեցուածքը եղաւ չէզոք մնալու կեցուածք:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ թերեւս ոմանք այդ քաղաքականութիւնը փախուստ տալու քաղաքականութիւն նկատեցին, սակայն պէտք է ըսել, որ այդ քաղաքականութիւնը ինքնին մեծ պատասխանատուութիւն է, որովհետեւ կը պաշտպանէ ներքին լիբանանեան կայունութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը կ՛ուղղուի կատարելու գրեթէ բոլոր պետական նշանակումները` աւելցնելով, որ ելեկտրական հոսանք ապահովելու եւ քարիւղի հանքերու պեղման աշխատանքները սկսելու առումով կառավարութիւնը բաւական լաւ տեղ հասած է:

Բայց եւ այնպէս ընդդիմութեան երեսփոխանները չբաւարարուեցան Միքաթիի յայտարարութիւններով, այլ կառավարութիւնը թիրախ դարձուցին իրենց նիզակներուն հարուածին` հիմնականին մէջ հարցապնդումի ենթարկելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլն ու հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը մեղադրեցին Լիբանանի կառավարութիւնը` անոր որդեգրած չէզոքութիւն պահպանելու քաղաքականութեան համար:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի անձամբ քաջալերած է ահաբեկիչները, երբ թերացած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանեալները ձերբակալելու:

Ան կոչ ուղղեց Միքաթիին հրաժարելու իր պաշտօնէն:

Իրենց կարգին, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կազմող երեսփոխանները խօսք առին եւ պաշտպանեցին կառավարութիւնը:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, խորհրդարանի նիստը շարունակուեցաւ ներկայութեամբ միայն եօթը նախարարներու: Այս երեւոյթին մասին բողոք արձանագրեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ յայտնեց, թէ ընդդիմութեան երեսփոխաններուն հարցումները այդ նախարարներուն ուղղուած պիտի ըլլան:

Երեսփոխան Ֆատի Հապըր կառավարութեան կազմը նկատեց հաշմուած կազմ մը` շեշտելով, որ տնտեսական տագնապը երկրին մէջ հետզհետէ կը բարդանայ: Ան դատապարտեց Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ ցուցաբերուած չէզոքութիւն պահպանելու քաղաքականութիւնը:

Իր կարգին, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի խստիւ դատապարտեց նախարար Պասիլը եւ զայն կոչեց ապօրինութիւններ գործող նախարար` ընդգծելով, որ ան երկրին սահմանադրութիւնը խախտած է եւ պէտք է Դատական գերագոյն ատեանին կողմէ դատավարութեան ենթարկուի:

Իր կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար ցեխարձակումներ գործեց Հըզպալլայի դէմ` շեշտելով, որ կառավարութեան որոշումները կը տրուին Հըզպալլայի եւ սուրիական վարչակարգին կողմէ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Նաուար Սահիլի դրուատեց Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի չէզոք դիրքորոշումը:

 

Share this Article
CATEGORIES