Շարմազանով. «Ստեփանակերտի Մէջ Ազրպէյճանական Դրօշ Տեսնելու Մէկ Միջոց Կայ»

Էդուարդ Շարմազանով

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով երէկ յայտարարեց, որ Ստեփանակերտի մէջ ազրպէյճանական դրօշը տեսնելու համար պաշտօնական Պաքուն ունի միայն մէկ միջոց` դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում անկախ Ղարաբաղի հետ:

Մեկնաբանելով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախանցեալ օր իր կառավարութեան նիստին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի առնչութեամբ կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ «պիտի գայ այն օրը, երբ ազրպէյճանական դրօշը պիտի ծածանի Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ», Շարմազանով իր տարածած յայտարարութեան մէջ ըսաւ. «Առաջին` Ազրպէյճան պէտք է դադրեցնէ սպառազինութիւններու մրցավազքը եւ զինուորական հռետորաբանութիւնը: Երկրորդ` իր հասարակութեան պատրաստէ ոչ թէ պատերազմի, այլ` խաղաղութեան: Երրորդ, եթէ Ալիեւ կրտսերը շատ  կ՛ուզէ Ստեփանակերտի մէջ տեսնել ազրպէյճանական դրօշ, ապա անոր հասնելու համար կայ միայն մէկ միջոց` դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում Արցախի անկախ հանրապետութեան հետ, որուն իբրեւ արդիւնք Պաքուի Լեռնային Ղարաբաղի դեսպանատան շէնքին վրայ պիտի ծածանի Արցախի անկախ հանրապետութեան դրօշը, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ դրացի Ազրպէյճանի դեսպանատան շէնքին կրնան տեղադրել իրենց դրօշը»:

«Կը կարծեմ` ուշ կամ կանուխ Արցախէն արեւելք ինկած երկրին մէջ պիտի գիտակցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչումը այլընտրանք չունի»,  յայտարարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահը:

Share this Article
CATEGORIES