Թուրքիա Կը Պատրաստուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նախօրեակին Հակահայկական Լայնածաւալ Արշաւի Սկսելու

Պեքիր Պոզտաղ

«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Անգարա կը պատրաստուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին լայնածաւալ արշաւի սկսելու` օգտագործելով աշխարհի մէջ յայտնի հազար թուրքերու ներուժը:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ 15 սեպտեմբեր 2012-ին հանդիպում պիտի ունենայ թրքական սփիւռքի ներկայացուցիչներու հետ: Աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ գտնուող շուրջ հազար թուրքեր պիտի հաւաքուին Պոլսոյ կամ Անգարայի մէջ:

Թրքական սփիւռքը «հայկական պնդումներուն» դէմ պիտի պայքարի ազրպէյճանական համայնքներուն հետ միասնաբար գործելով: «Հայկական պնդումները անհիմն են, եւ թրքական համայնքը պիտի քննարկէ այդ ամէնը աշխարհին ներկայացնելու միջոցները: Այդ նպատակով Թուրքիա պիտի գան մշակոյթի եւ արուեստի աշխարհահռչակ դէմքեր` գրողներ, դերասաններ, բեմադրիչներ», կը գրէ «Հիւրրիյէթ»:

Թուրքերը նաեւ կը պատրաստուին համացանցային աշխուժ քարոզչութեան նախաձեռնելու: «Մեր օրերուն որոնողական համակարգերուն մէջ անգլերէնով, ֆրանսերէնով եւ գերմաներէնով հակաթրքական նիւթեր շատ կան: Այդ պատճառով ալ Թուրքիա օտար լեզուներով թրքական տեսակէտները ներկայացնելու միջոցներ պիտի փնտռէ», կը գրէ օրաթերթը:

Թրքական սփիւռքի ներկայացուցիչները նաեւ պիտի աշխատին արտերկրի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւններու հետ: Օրաթերթը կը նշէ, որ 15 սեպտեմբերը պատահաբար չէ ընտրուած: 15 սեպտեմբեր 1915-ին Նուրի Փաշայի գլխաւորութեամբ գործող ազրպէյճանական-օսմանեան զօրքերը գրաւեցին Պաքուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES