Թեկնածու Մը Հրաժարեցաւ Ընտրապայքարէն

ՀՅԴ համամասնական ցուցակով պատգամաւորութեան թեկնածու առաջադրուած Բենիկ Համբարձումեան ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուց Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին:

Ընտրական օրէնսգիրքի 121-րդ յօդուածի երրորդ մասին համաձայն, թեկնածուն կրնայ քուէարկութենէն ոչ ուշ քան 10 օր առաջ հանել իր թեկնածութիւնը:

Բենիկ Համբարձումեանի դիմումը վաւերացուած է նոտարական կարգով:

Յանձնախումբի անդամները միաձայն որոշեցին թեկնածուի արձանագրումը ուժը կորսնցուցած ճանչնալ:

 

Share this Article
CATEGORIES