Թուրքիոյ Մէջ Կարգ Մը Բարեփոխումներ
«Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ շաբաթավերջին հաղորդուած է, թէ Թուրքիոյ մէջ Տարուշաֆաքքա անունով ծանօթ որբերու դպրոցի կանոնագրութիւնը բարեփոխումներու ենթարկուած է: Բարեփոխումներուն ծիրին մէջ կանոնագրութենէն սրբուած է այն յօդուածը, որ կ՛ըսէր, թէ Տարուշաֆաքքա կրնան ընդունուիլ միայն թուրք եւ մահմետական երեխաները: Այժմ կանոնագրութեան մէջ նշուած է, որ հաստատութեան մէջ կ՛ընդունուին Թուրքիոյ քաղաքացի երեխաները:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը նաեւ որոշած է ջնջել Բարձրագոյն կրթական խորհուրդի ծիրին մէջ գործող «Ազգային կոմիտէ»-ները, որոնք 28 փետրուարի զինուորական յեղաշրջումէն ետք հիմնուած էին, որպէսզի հակակշիռի տակ պահեն համալսարանները. անոնց պարտականութիւնն էր համալսարաններուն պարտադրել պետութեան ազգային պաշտօնական տեսակէտները: Նշեալ կոմիտէներու գործունէութիւնը ստուերի տակ կ՛առնէր համալսարաններու անկախութիւնը: Բարձրագոյն կրթական խորհուրդի նախագահ Կէօքհան Չեթինքայայի կողմէ հրապարակուած որոշումով մը այդ կոմիտէները այլեւս ջնջուած են:
Կը հաղորդուի, որ Թուրքիոյ բոլոր համալսարաններուն համար գործող 11 «Ազգային կոմիտէ»-ներ կային, որոնց շարքին էր Թուրք-հայ յարաբերութիւններու ազգային կոմիտէներ, որուն պարտականութիւնն էր համալսարաններուն մէջ տարածել հայկական հարցի ու Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ պետութեան տեսակէտները եւ ապահովել, որ այդ տեսակէտները համալսարաններուն կողմէ իւրացուին: 14 անդամներէ բաղկացած նշեալ կոմիտէն իր տեսակէտները կը բաժնէր ոչ միայն համալսարաններուն հետ, այլ նաեւ համալսարանները հակակշռող մնացեալ «Ազգային կոմիտէ»-ներուն հետ:

