Նախագահ Սարգսեան Սիսիանի Մէջ Հանդուրժողականութեան Կոչեր Կ՛Ուղղէ

Նախագահ Սարգսեան կը զրուցէ ընտրողներու հետ

Հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական քարոզարշաւը երէկ շարունակուեցաւ Սիւնիքի մարզի Սիսիան քաղաքին մէջ: Ընտրողներուն հետ հանդիպումը Հայաստանի նախագահ եւ Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեան կայացուց Սիսիանի քաղաքապետարանի առջեւի հրապարակին վրայ:

«Պիտի շարունակենք մշտապէս հանդէս գալ երկրին մէջ համագործակցութեան մթնոլորտի օգտին եւ պառակտման որեւէ դրսեւորման դէմ: Մենք իրաւունք չունինք ջրբաժաններ գծելու շռայլութիւնը մեզի թոյլ տալու, մենք յաղթահարած ենք այսպիսի իրականութիւն մը եւ պէտք չէ թոյլ տանք որեւէ կրկնութիւն»,  յայտարարեց նախագահ Սարգսեան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ պէտք է յիշել, թէ հայերը հայերուն դէմ շարքեր հանելու իրաւունք չունին եւ շարքեր կը կազմուին միայն բանակին մէջ, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային հայ զինուորները կռուին թշնամիին դէմ: «Դժբախտաբար, արդի իրականութիւնը այնպէս է, որ արտաքին աշխարհին մէջ մեր հանդէպ թշնամանք տածողներու պակաս չկայ: Մենք կ՛ուղղուինք սոսկ ընտրութիւններու»,  ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարը ընտրողներուն ներկայացուց նաեւ իրենց նախընտրական ծրագիրի ընկերային բաժինը` ըսելով, որ «այսօրուընէ սկսեալ իրենց բոլոր քայլերը, ծրագիրները ու իրականացուող պետական քաղաքականութիւնը պիտի ուղղուին դէպի մարդը, դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացին»: Ան բաւարար գնահատեց ձեռքբերումները պետականաշինութեան կայացման գործին մէջ, պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման եւ հասարակական յարաբերութիւններու կազմակերպման հարցերուն մէջ:

Ան նաեւ խոստացաւ, որ այսուհետեւ տնտեսական զարգացումը պիտի դառնայ յստակ աշխատանք, յստակ մարդուն համար, իսկ մարդիկը աշխատանքով ու արժանապատիւ վարձատրութեամբ ապահովելը` առաջնահերթ նպատակ:

Նախագահ Սարգսեան աւելցուց, որ տնտեսական կարելիութիւններու զարգացման զուգընթաց պիտի պահպանուին ընկերային ծախսերու յաւելման միտումները:

Սերժ Սարգսեան սիսիանցիներուն կոչ ուղղեց ընտրելու Հանրապետական կուսակցութեան եւ թիւ 37 ընտրատարածքին մէջ մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուին:

Հանրապետական կուսակցութեան քարոզարշաւը այսօր պիտի շարունակուի Վայոց ձորի մարզին մէջ: Անոր զուգահեռ հանրապետութեան նախագահի այցելութիւնը Վայոց ձորի մարզ նաեւ աշխատանքային է:

 

Share this Article
CATEGORIES