ՀՅԴ-ի Նախընտրական Բազմամարդ Հանրահաւաք` Բիւրականի Մէջ
ՀՅ Դաշնակցութեան մարզային հանդիպումները կը շարունակուին: Երէկ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Բիւրականի բնակիչներուն հետ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան բիւրականցիներուն ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը, խօսեցաւ գիւղին առնչուող խնդիրներուն մասին, նշեց, որ մարզին մէջ աւելի քան 3000 աշխատատեղ ստեղծելու կարելիութիւն կայ, ինչպէս նաեւ ընդգծեց մարզային իշխանութիւններու արտօնութիւններու ծիրը ընդլայնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ պատգամաւորութեան թեկնածու Աղուան Վարդանեան բիւրականցիներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ բնակիչներուն նկատմամբ կիրարկուող ճնշումներուն եւ խօսեցաւ ընտրակաշառքներուն մասին` բնակիչները յորդորելով չվախնալ ու տէր կանգնիլ իրենց քուէին:
«Ձեր խիղճի կամքով գացէք ընտրութեան, մի՛ խեղճանաք», բիւրականցիներուն կոչ ուղղեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:
Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները նաեւ ընդգծեցին, որ կուսակցութեան ծրագիրը կեանքի կոչուելու պարագային պիտի փոխուի գիւղին մէջ ապրող մարդոց վիճակը եւ պիտի լուծուին անոնց ընկերային խնդիրները:


