«Հակառակ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Խաղաղ Լուծում Ակնկալելուն, Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Զինուիլ» Կ՛Ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Ազրպէյճան կը զօրացնէ իր զինուորական կարելիութիւնները` միաժամանակ յոյս ունենալով, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծուի խաղաղ միջոցներով:

Ան նշած է, որ Ազրպէյճան պիտի շարունակէ զէնքեր գնել: «Գնած ենք եւ պիտի շարունակենք գնել հրասայլեր, պատերազմական օդանաւեր, տարբեր ժամանակակից զինատեսակներ` անհրաժեշտութեան պարագային պատերազմելու համար», ըսած է Ալիեւ:

Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ ազրպէյճանական բանակը պատրաստ է երկիրը պաշտպանելու համար որեւէ յանձնարարութիւն կատարելու: Ըստ անոր, ամէն վայրկեան Ազրպէյճանը աւելի կը մօտեցնէ յաղթանակին, որովհետեւ «Հայաստան ամէն օր անկում կ՛ապրի, իսկ Ազրպէյճան աւելի ուժեղ կը դառնայ»:

Share this Article
CATEGORIES