50 Տարի Առաջ ( 19 ապրիլ 1962 )

Ծաղկազարդը Նոր Մարաշի Մէջ

Նոր Մարաշի մէջ Ծաղկազարդը այս տարի տօնուեցաւ բացառիկ հանդիսութեամբ: Խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին` կատարելու համար իր կրօնական պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ` ներկայ գտնուելու եկեղեցւոյս նորակառոյց մկրտարանի բացման արարողութեան: Մահտեսի Յովհաննէս Գազազեան ազնիւ գաղափարն ունեցած էր հիմնապէս բարեփոխելու եկեղեցւոյս Ս. մկրտարանը:

Թեմիս բարեջան առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութեան եւ տուաւ յաւուր պատշաճի քարոզ մը: Սրբազան քարոզիչը, անդրադառնալով Ծաղկազարդէն բխած բարոյական դասերուն, պերճաբանօրէն ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Երուսաղէմի ժողովուրդը ովսաննաներով, ձիթենիի եւ արմաւենիի դալար ճիւղերով դիմաւորեց Յիսուսը, եւ թէ ինչպէս նոյն ժողովուրդը, քանի մը օր ետք «Ի խաչ հան զդա» կը պոռար Պիղատոսին` մոռնալով  իր ընծայած յարգանքը, մոռնալով Յիսուսի քարոզները եւ ուրանալով բարոյական բոլոր սկզբունքները:

Որպէս եզրակացութիւն` սրբազանը երկու գեղեցիկ թելադրանքներ ըրաւ հաւատացեալներուն.

ա.- Ժողովուրդ մը կրնայ ովսաննաներով եւ ձիթենիի ճիւղերով փառաւորել անձ մը ու յետոյ ուրանալ զայն, սակայն ճշմարիտ քրիստոնեան եւ իմաստուն անհատը անվրդով կը մնայ յարգանքներու ինչպէս ուրացումներու պարագային եւ անսայթաք կերպով կը հետապնդէ իր նպատակը:

բ.- Եկեղեցին բոլորիս հոգեւոր տունն է, հետեւաբար անոր մաքրութեան եւ սրբութեան նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք բոլորս: Թոյլ պէտք չէ տանք, որ մարդիկ շահագործումի ենթարկեն զայն, ինչպէս` Յիսուսի օրով:

Իր քարոզի վերջաւորութեան սրբազանը անդրադարձաւ Յովհաննէս Գազազեանի բարերարութեան եւ նուիրումի ոգիին: Ապա, յայտարարեց նաեւ, որ Ս. Քառս. Մանկանց եկեղեցին բարեզարդելու առաջադրութեամբ եւ մարաշցի ազգայիններու նուիրատուութիւններով պիտի վերաշինուին եկեղեցիին երեք խորանները: Ս. Քառս. Մանկանց եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան ատենապետուհի Մարի Լիւլեճեան, Յակոբ Օրջանեան եւ Քէօրօղլեան եղբայրները ստանձնած են այս յիշատակելի բարերարութիւնը կատարել:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Հայերը Թուրքիոյ Մէջ

Ցիր Ու Ցան Հայեր

Երբեմնի Հայկ. Անատոլուի Մէջ

 Հայեր Կա՞Ն Վանի, Էրզրումի, Տարօնի, Բաղէշի Մէջ…

Կ. Մուրատեան հետեւեալ մանրամասնութիւնները կու տայ Թուրքիոյ հայերուն մասին.-

ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ նոր մայրաքաղաքին հայ բնակիչները 500 տուն կը կազմեն (շուրջ 2000 անձ, իւրաքանչիւր ընտանիք չորս հոգի հաշուելով): Ունին նիւթական գոհացուցիչ վիճակ: Չունին ո՛չ եկեղեցի, ո՛չ դպրոց եւ ո՛չ ալ քահանայ: Առժամեայ կարգադրութեամբ, պարբերաբար Անգարա կ՛այցելէ Կեսարիոյ քահանան: Ի հարկին Պոլսոյ պատրիարքարանէն կը ղրկուի այցելու եկեղեցական մը:

ԿԵՍԱՐԻԱ.- Ամբողջ նահանգին մէջ հայերը 592 տուն կը կազմեն (շուրջ 2368 անձ): Մեծ մասամբ կ՛ապրին քաղաքին եւ Էվէրէկի մէջ: Ունին բարեկեցիկ վիճակ: Ունին եկեղեցի եւ քահանայ: Չունին դպրոց:

ՍԵԲԱՍՏԻԱ.- Նահանգին հայ բնակիչները 487 տուն կը կազմեն (շուրջ 1948 անձ): Ունին նիւթական գոհացուցիչ վիճակ, կ՛աշխատին արտերու, պարտէզներու եւ այգիներու մէջ: Մեծ մասամբ առեւտրական են եւ արհեստաւոր: Չունին ո՛չ եկեղեցի, ո՛չ քահանայ եւ ո՛չ ալ դպրոց:

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ.- Նահանգին մէջ ապրող հայերը 564 տուն են (շուրջ 2255 անձ): Ունին երկու եկեղեցի, որոնք վարձու տրուած են, իսկ մանկապարտէզի շէնքը վերածուած է եկեղեցիի: Ունին քահանայ: Չունին դպրոց:

ԱՄԱՍԻԱ.- Հայերը 207 տուն են (շուրջ 828 անձ): Ունին նիւթական լաւ վիճակ եւ անդորր կեանք: Չունին եկեղեցի, դպրոց եւ քահանայ:

ՕՐՏՈՒ.- Շրջանին հայերը 44 տուն են (շուրջ 176 անձ): Ամփոփուած են միայն քաղաքին մէջ: Ունին քահանայ, բայց չունին եկեղեցի եւ դպրոց:

ԵՒԴՈԿԻԱ (Թոքատ).- Հայերուն ընդհանուր թիւը 612 է (178 տուն): Կը զբաղին առեւտուրով: Ունին բարեկեցիկ վիճակ: Չունին եկեղեցի, դպրոց եւ քահանայ:

ՄԱԼԱԹԻԱ.- Նահանգին մէջ ապրող հայերուն թիւը շուրջ 1372 է (343 տուն): Մեծ մասը (220 տուն) կ՛ապրի բուն քաղաքին մէջ, իսկ մնացածը (123 տուն)` Արաբկիրի մէջ: Մալաթիոյ հայերը ունին նիւթական լաւ վիճակ, շատերը նոյնիսկ տէր են սեփական բնակարանի եւ կալուածներու: Չունին, սակայն, ո՛չ եկեղեցի, ո՛չ դպրոց եւ ո՛չ ալ քահանայ:

ԽԱՐԲԵՐԴ.- Այս նահանգին մէջ 174 հայ ընտանիք կայ (շուրջ 696 անձ). որուն 170-ը` կեդրոնին մէջ: Մեծ մասամբ առեւտրական են եւ արհեստաւոր: Ունին տնտեսական գոհացուցիչ վիճակ, սեփական տուն: Չունին եկեղեցի, դպրոց եւ քահանայ:

ԵՈԶԿԱՏ.- Ամբողջ նահանգին մէջ ապրող հայերուն թիւը 752 է (շուրջ 188 ընտանիք), բաժնուած` կեդրոնին եւ գիւղերուն մէջ: Հազիւ կը ճարեն իրենց ապրուստը: Առ հասարակ կը զբաղին արհեստներով, երկրագործութեամբ եւ անասնաբուծութեամբ: Չունին ո՛չ եկեղեցի, ո՛չ քահանայ, եւ ո՛չ ալ դպրոց:

Ասոնք են, ամփոփ գիծերու մէջ, մեզի տրուած տեղեկութիւնները այն ցիրուցան հայերուն մասին, որոնք դեռ կ՛ապրին Թուրքիոյ ներքին գաւառներուն մէջ, գրեթէ իրենց բախտին ձգուած:

Չունինք թիւեր ու տեղեկութիւններ բուն իսկ հայաբնակ, այսպէս կոչուած «Արեւելեան Նահանգներ»-ուն մասին (Կարին, Վան, Տարօն, Բաղէշ, եւ այլն): Չենք գիտեր, թէ հայեր կ՛ապրի՞ն այս նահանգներուն մէջ: Չենք գիտեր նաեւ, թէ «բեկոր»-ներ մնացած են Բիւթանիոյ, Զմիւռնիոյ, Եդեսիոյ, Շապին Գարահիսարի մէջ եւ այլուր:

 

Share this Article
CATEGORIES