Փորձ-Հարցարան. «Մութ» Անձերը Որքանո՞վ Կը Հմայեն Ձեզ
Յաճախ «մութ» անձերը խորհրդաւոր կ՛ըլլան եւ երբեմն ալ` կասկածելի: Որքանո՞վ կը հմայուիք այսպիսի անձերով. կրնա՞յ ըլլալ, որ կեանքի ընկեր ընտրէ «մութ» ու խորհրդաւոր անձ մը, թէ՞ կը փնտռէք թափանցիկն ու ուղղամիտը:
Պատասխանեցէք փորձ-հարցարանին 7 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:
1
Ձեր բարեկամը շատ քիչ կը պատմէ իր անցեալին մասին,
ա.- Անսովոր ոչինչ կը տենէք:
բ.- Հետաքրքրուած էք իր ներկայով եւ ապագայով:
գ.- Կասկածը կը մտատանջէ ձեզ:
2
Կը համակրիք անձի մը, բայց կ՛իմանաք, որ ան ամուսնալուծուած է:
ա.- Պատրաստ էք հետը նոր կեանք մը սկսելու:
բ.- Որոշ չափով վերապահ էք:
գ.- Անմիջապէս կը մոռնաք եւ կը հեռանաք:
3
Ձեր սիրած անձը «մոռցած է» պատմելու իր մէկ անառակ եղբօր մասին:
ա.- Կը մտածէք` երբ առիթը ներկայանայ կը պատմէ:
բ.- Կը նեղանաք եւ բացատրութիւն կը պահանջէք:
գ.- Ձեր կապերը կը խզէք, մտածելով որ հաւանաբար շատ մը բաներէ անտեղեակ էք:
4
Ձեր սիրած անձը ստած է ձեզի…
ա.- Երկրորդ առիթ մը կու տաք, մտածելով որ բոլորս ալ սխալական ենք:
բ.- Բացատրութիւն կը պահանջէք:
գ.- Կը խզուիք:
5
Ձեր սիրած անձը նիւթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ եւ առանց մանրամասնութիւններ տալու` ձեր օգնութեան կը դիմէ:
ա.- Առանց վարանելու դրամ փոխ կու տաք:
բ.- Թէեւ շատ համոզիչ չէք գտներ, բայց եւ այնպէս կ՛օգնէք:
գ.- Պատճառաբանութիւն մը կը գտնէք, որովհետեւ համոզուած չէք:
6
Երրորդ անգամ ըլլալով ձեր սիրած անձը ժամադրութիւնը չի յարգեր` առանց ինքզինք արդարացնելու:
ա.- Կը մտածէք, որ անպայման գործով տարուած է:
բ.- Բացատրութիւն կը պահանջէք:
գ.- Վստահ էք, որ անհաւատարիմ է ձեզի:
7
Տղամարդու մը մօտ կը փնտռէք`
ա.- Հմայքը եւ խորհրդաւորութիւնը:
բ.- Խօսքի ճարտարութիւնն ու քարիզման:
գ.- Պարկեշտութիւնն ու ուղղամտութիւնը:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, դժբախտաբար սիրոյ մէջ բաւական տհաս էք: Ձեր սիրած անձը ի՛նչ ալ ըսէ, պատրաստ էք հաւատալու, քանի որ միամիտ եւ բարի էք: Դժբախտաբար, սակայն, բոլոր տղամարդիկը չեն գնահատեր կնոջ բարութիւնը, եւ ոմանք պատրաստ են շահագործելու այդ առաքինութիւնը` իրենց անձնական շահերուն համար:
Հետեւաբար զանազանեցէք խորհրդաւոր անձը կասկածելիէն եւ կուրօրէն մի՛ հմայուիք անով:
***
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, չէք սիրեր, որ կասկածը բոյն դնէ ձեր յարաբերութիւններուն մէջ: Ձեզի համար վստահութիւնը շատ կարեւոր է զոյգի մը փոխյարաբերութեանց մը, ահա թէ ինչո՛ւ պատրաստ էք տեւաբար հարցնելու, լուսաբանուելու` կասկածն ու զրպարտութիւնը ձեր մտքէն վանելու համար:
***
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, ընդհանրապէս մարդոց վրայ վստահութւն չունիք, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի ձեր զգացական կեանքին: Եթէ նուազագոյն կասկածը ունենաք, որ ձեր սիրած անձը կը ստէ, վայրկեան մը իսկ չէք մնար հետը եւ վերջնականապէս կը բաժնուիք անկէ: Մարդոց մօտ կը փնտռէք պարկեշտութիւն, ուղղամտութիւն եւ թափանցութիւն, բայց նայեցէք, որ հիւանդագին կասկածամտութիւնը չթունաւորէ ձեր կեանքը:
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
Ինչպէ՞ս Ապահովել Երեխային
Անվտանգութիւնը Բաղնիքին Մէջ
Երեխայի մթ համար տան ամէնէն վտանգաւոր վայրերէն մէկը բաղնիքն է: Մինչեւ 6 տարեկան երեխայ մը երկար ատեն բաղնիքը առանձին ձգելու չէ. անոր կը սպառնան զանազան վտանգներ. ստորեւ` քանի մը զգուշացում:
1
Ծորակէն հոսող տաք ջուրը կրնայ այրել երեխային մարմինը: Նախքան անոր լոգարան մտնելը` պէտք է ջուրը բարեխառնել 45-55 ջերմաստիճանով:
2
Ջուրով լեցուն լոգարանին մէջ երեխայ մը երկար ժամանակ առանձին պէտք չէ ձգել, որեւէ անխոհեմութիւն կրնայ խեղդամահ ընել փոքրիկը:
3
Լոգարանին մօտ զետեղուած շամփուէնը եւ մազի ու մարմնի խնամքին հետ կապուած հեղուկ օճառներն ու սերերը պէտք է հեռու մնան երեխային հասողութենէն: Շիշերուն գրաւիչ տեսքն ու գոյնը կրնան խմելու փորձութեան մղել փոքրիկը:
4
Վարսայարդարիչը կամ այլ ելեկտրական սարքեր ելեկտրական հոսանքին միացած վիճակով պէտք է առնուազն մէկ մեթր հեռու ըլլան լոգարանէն` ելեկտրահարութեան վտանգէն զերծ մնալու համար:
Օգտագործելէ ետք, այդ սարքերը դնել բարձր դարանի մը վրայ:
5
Բաղնիքին դրան վրայէն հանել բանալին եւ այնպէս մը դասաւորել, որ երեխան կամայ թէ ակամայ բաղնիքը առանձին չմնայ:
6
Բաղնիքին լոգարանին յատակը սահուն կ՛ըլլայ եւ երեխան կրնայ սահիլ ու վիրաւորուիլ: Լոգարանին յատակը օժտել յատուկ գորգով:
7
Բաղնիքի լուացարանին շուրջ չձգել մկրատ, սափրուելու գործիք, մետաղեայ ծամակալներ, եւ այլն… այս բոլորը անբաղձալի արկածներու դուռ կրնան բանալ:
Նորաձեւութիւն
Ապետ Մահֆուզ
Լիբանանցի ձեւագէտ Ապետ Մահֆուզ վերջերս Փարիզի մէջ ցուցադրեց փրեթ-ա–փորթէի իր վերջին հաւաքածոն` որպէս թեմա ընտրելով «երեւակայական կինը»:
Հաւաքածոն կը յատկանշուէր իր դասական ոճով, երկար փէշերով եւ գեղեցիկ տեքոլթէներով:
Մահֆուզի նպատակն էր արժէւորել կնոջ սլացիք հասակն ու բարեձեւ մարմինը:
Հագուստներէն շատեր կը զանազանուէին տրափէ կտրուածքներով, ուրիշներ` կողմին վրայ երկարող ճեղքերով, շատ շատեր ալ` ուսերը ցուցադրող գեղեցիկ տեքոլթէներով:
Տիրական գոյներն էին` կարմիրը, մանիշակագոյնը, պեժը, մոխրագոյնը:
Նշենք, որ Մահֆուզ արդէն իսկ ինքզինք փաստած ձեւագէտ է նորաձեւութեան աշխարհին մէջ, ան կը մասնակցի Փարիզի եւ Միլանոյի նորաձեւութեան փառատօներուն եւ միջազգային համբաւ վայելող աստղեր կը հագնին անոր ստեղծագործութիւնները:
Մահֆուզ նաեւ նորաձեւութեան տուներ ունի աշխարհի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն մէջ:
Խոհագիր
Սմբուկով Շիք-Շոք Աղցան
– 3 միջակ սմբուկ
– 2 վարունգ` մանրուած
– 2 մանրուած կանաչ սոխ եւ կարմիր լոլիկ` մանրուած
– 1/2 տուփ սիսեռ` լուացուած եւ ջուրէն ցամքած
– Սմբուկին ճերմակ միջուկը` խորանարդաձեւ կտրուած եւ տապկուած
– 6 ռեհանի տերեւ
– 200 կրամ ֆեթա պանիր` խորանարդաձեւ կտրուած
Թացանը
– 1/4 գաւաթ կիտրոնի հիւթ
– 1/2 գաւաթ ձէթ
– 1 թէյի դգալ քիմիոն
– 1/2 թէյի դգալ աղ
– 1 կանաչ կամ կարմիր կծու պղպեղ` մանր մանրուած
– Սեւ փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն
1.- Կիսել իւրաքանչիւր սմբուկ իր կոթով միասին:
2.- Դգալով միջուկը պարպել, ձգել միայն պատեանը 1 սմ. հաստութեամբ: Դնել սմբուկը աղով ջուրին մէջ, որպէսզի չսեւնայ: Հանել եւ շփելով չորցնել: Առատ ձէթի մէջ տապկել սմբուկը, մինչեւ որ վարդագոյն դառնայ:
3.- Առատ ձէթի մէջ տապկել միջուկը, ապա խառնել վարունգին, սոխին, լոլիկին եւ սիսեռին հետ:
4.- Լեցնել տապկուած սմբուկը վերոնշեալ միջուկով, վրան դնել ֆեթա պանիրը: Տապկել ռեհանի տերեւները եւ զարդարել երեսը:
5.- Հիւրասիրել պատրաստուած թացանը աղցանին վրայ աւելցնելէ անմիջապէս ետք:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ծառը
Ձմեռ օրեր,
Երբ փոթորիկն ըլլար մռայլ,
Ես կ՛երթայի խորն ամայի դաշտերուն,
Ականջ տալու կէս-գիշերուան քրքիջին:
Սլա՞ցքն անոր…
Պերճ ու հպարտ, խաղաղութեամբ մը խորունկ,
Ան կ՛երկարէր արտասուահիւծ աստղերուն
Բազուկներն իր հոլանի,
Զերթ պարմանի մ՛իր հարսին,
Գիշերին մէջ կը լսէի կարծես թէ
Ձայնն իր զուլալ համբոյրին…
Ինծի համար
Խորհրդանիշն էր ան Ոյժին ու Կեանքին…
Ու ես հաւատքն ունէի իր անմահութեան…
Փոթորիկին դէմ իր քրքիջով
Ան մտածումըս կը հանէր լեռնէ մը վեր…:
*
Անցեալ աշնան,
Օր մը յանկարծ մարդեր եկան
Խորն ամայի այն դաշտերուն,
Կացիններով, պարաններով…
Ուրուականնե՞ր էին կարմիր.-
Կը խնդային վհուկի պէս…:
Հսկայ մուրճովն իր արեւուն
Աստուած դարե՜ր աշխատեր էր անոր համար:
Այդ մարդերուն
Քանի մը ժամը բաւեց
Զայն խլելու իր յոգնաբեկ բազուկներէն….
Իր մահէն ետք
Ա՛լ չգացի, երբ փոթորիկն եղաւ մռայ,
Խորն ամայի դաշտերուն.
Մտածումըս իջեր էր վա՜ր Լեռներէն…
*
Հիմա աղուոր գարուն է.
Եւ անցեալ օր,
Մղում մ՛յամառ նորէն քայլերս ուղղեց հո՛ն,
Խորն ամայի այն դաշտերուն.
Եւ յուզումէս ինկայ ծունկի…
Կացինահար ծառն էր նման շիրմաքարի
– Սեւ գերեզման մը խոժոռ,-
Բայց իր կողէն`
Արծուաթըռիչ նիզակներու խրոխտանքով`
Բարունակներ ժայթքեր էին դէպի երկինք:
Անոնց մէջէն
Նորափետուր թռչուններ ե՜րգ կ՛երգէին…:
ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ


