Գաղութէ – Գաղութ
Թեհրան
Հայկական Եւ Իտալական
Երգերու Երեկոյ
Նախաձեռնութեամբ Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան Արուեստից միութեան, 12 եւ 13 ապրիլին «Կոմիտաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական եւ իտալական երգերու երեկոյ` կատարողութեամբ Հանրի եւ Շաքէ Յարութիւնեաններուն, Արա Զարգարեանի եւ Լուսինէ Միքայէլեանի, դաշնակի վրայ ընկերակցութեամբ Լուիզա Աւետիսեանի, Ռուբէն Արզումանեանի եւ Կարէն Մեհրաբեանի:
Ռուսիա
«Հայկական Գրքային Մշակոյթ»
Ցուցահանդէս
10 ապրիլին Ս. Փեթերսպուրկի Ռուսիոյ ազգային գրադարանի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական գրքային մշակոյթ» ցուցահանդէսին բացումը` նուիրուած հայ գրատպութեան 500-ամեակին: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսիոյ ազգային գրադարանի հայկական բաժինը կը պարունակէ 75 հազար գիրք, ձեռագիր, պարբերականներ` հայերէն եւ ռուսերէն` հրատարակուած ոչ միայն Ռուսիոյ տարածքին, այլեւ աշխարհի տարբեր մշակութային կեդրոններու մէջ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էր հայ գրատպութեան պատմութիւնը` 1623թ. Հռոմի մէջ տպագրուած «Այբուբեն հայկական»-էն եւ 1668թ. Ամսթերտամի մէջ տպագրուած կտակարաններէն, 18-19-րդ դարերուն Ս. Փեթերսպուրկի, Մոսկուայի, Աստրախանի, Շուշիի, Պաքուի, Եւրոպական մայրաքաղաքներուն մէջ տպագրուած գիրքերէն մինչեւ խորհրդային շրջանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ հրատարակութիւնները:
Ցուցահանդէսի բացման հանդէս եկան գրադարանի տնօրէն Ա. Լիխոմանով, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Վ. Յակոբեան, գրադարանի գիտաշխատողներ, համայնքի ներկայացուցիչներ:
Վրաստան
Դեսպան Մանուկեանին Հանդիպումը`
Վրաստանի Մշակոյթի Եւ Յուշարձաններու
Պահպանութեան Նախարարին Հետ
6 ապրիլին Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի մշակոյթի եւ յուշարձաններու պահպանութեան նախարար Նիկոլոզ Ռուրուայի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին երկու կողմերը շեշտեցին հայ-վրացական մշակութային բնագաւառի համագործակցութեան կարեւոր նշանակութիւնը եւ երկու գերատեսչութիւններուն միջեւ բարձր մակարդակի համագործակցութեան առկայութիւնը: Քննարկուեցաւ 2012-ի ընթացքին միասնաբար կազմակերպուելիք մշակութային ձեռնարկներուն ծրագիրները: Անոնք անդրադարձան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակի առիթով կազմակերպուելիք միացեալ մշակութային ձեռնարկներուն, հայ մեծանուն գուսան Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ժամանակացոյցին:
Հանդիպումի ընթացքին դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան առաջարկեց խթանել հայկական եկեղեցիներու պահպանման եւ վերականգնումի աշխատանքներուն իրականացումը: Նախարարը իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց յառաջիկային նպաստելու գործնական քայլերու ձեռնարկումին:
Հայ Տպագրութեան 500-Ամեակի
Ցուցահանդէս
Կազմակերպութեամբ Թիֆլիսի «Հայարտուն» մշակոյթի կեդրոնին եւ Վրաստանի խորհրդարանի ազգային գրադարանի, աջակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարութիւններուն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, 11 ապրիլին Վրաստանի խորհրդարանի ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէս` նուիրուած հայ տպագրութեան 500-ամեակին:
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան նկատել տուաւ, որ սոյն ցուցահանդէսը կազմակերպուած է հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, որոնք տեղի պիտի ունենան աշխարհի տարածքին` ուր գոյութիւն ունի հայկական համայնք: Սակայն ան շեշտեց, թէ Թիֆլիսի ցուցահանդէսը, առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ քիչ են այն վայրերը, ուր կայ հին հայ տպագիր գիրքի այսպիսի հարուստ գրադարան:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր խօսքին մէջ արժեւորելով գիրքին անգնահատելի դերը մարդու բանական մտքի զարգացման գործին մէջ` նշեց, որ Վրաստան դարեր շարունակ եղած է հայ մշակոյթի զարգացման կեդրոն եւ ներկայիս հայկական մշակութային քարտէսին վրայ Վրաստանը երկիր մըն է, ուր ոչ միայն կը զարգանայ հայ մշակոյթը, այլեւ պահպանուած են այն պատմական կոթողները, որոնք հայ ինքնութեան հպարտութիւնն են: Ան հաստատեց, որ ազգային գրադարանին մէջ պահուած են 50 հազարէ աւելի հայերէն գիրքեր և փաստաթուղթեր, որոնցմէ մօտաւորապէս հազարը հնատիպ հոգեւոր գիրքեր են:
Չինաստան
Հայաստանի Եւ Չինաստանի Միջեւ
Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու
Հաստատման 20-րդ Տարեդարձին Նուիրուած
Ընդունելութիւն
6 ապրիլին Չինաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-րդ տարեդարձին:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Ժողովրդական ներկայացուցիչներու համաչինական ժողովի (ՉԺՀ խորհրդարանի) Մշտական Կոմիտէի նախագահի տեղակալ Ծեան Շուշէն եւ ՉԺՀ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Սարգսեան:
Ծեան Շուշէն իր ջերմ շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Հայաստանի ղեկավարութեան եւ հայ ժողովուրդին: Դեսպան Սարգսեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ անցնող քսան տարիներու ընթացքին երկու երկիրներուն կողմէ իրականացուած է միացեալ աշխատանք, որուն իբրեւ` արդիւնք` արձանագրուած են յաջողութիւններ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Չեն Կոփին ներկայացուց եւ հայկական կողմին յանձնեց 20 տարիներու ընթացքին երկու երկրներուն միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթերու ժողովածուն եւ տեղի ունեցած բարձրաստիճան փոխայցելութիւններն ու յիշարժան իրադարձութիւնները պատկերող ալպոմ մը, որ պատրաստուած էր ՉԺՀ արտաքին գործոց նաշարարութեան կողմէ` աջակցութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան:
Փարիզ
«Իմ Բարեկամները Իսիում
Եւ Այլուր» Գիրքի Ներկայացումը
Վերջերս Ալֆորվիլի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վեր. Ժիլպեր Լեւոնեանին նոր հրատարակած «Իմ բարեկամներն Իսիում եւ այլուր» հայերէն գիրքին ներկայացումը:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Յովէլ Միքայէլեան: Ապա ներկայացուեցաւ «Ծագումով հայեր» ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէր վեր. Ժիլպեր Լեւոնեանին կենսագրականը:
Անժելա Սահակեան խօսք առնելով ներկայացուց «Իմ բարեկամներն Իսիում եւ այլուր» գիրքին բովանդակութիւնը: Գիրքին նշանաբանն է` «Աւելի երջանիկ ես, երբ կու տաս, քան կ՛առնես», որ եղած է նաեւ վեր. Ժիլպերի կեանքին նշանաբանը:
Գիրքը կը բաղկանայ 13 գլուխներէ եւ ներկայացումն է Մարսէյի Վալանսի եւ Փարիզի հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ վեր. Ժիլպերի 30-ամեայ ծառայութեան:
Յայտնենք, որ գիրքի վաճառքին ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի «Յոյս` Հայաստանի համար» կազմակերպութեան` երեխաներու յատկացուած ծրագրերուն:
Սարոյեանին Եւ Ամերիկահայ Հեղինակներու
Նուիրուած Գրականագիտական Երեկոյ
3 ապրիլին Փարիզի Ուսանողական ոստանի Հայ ուսանողներու տան մէջ, «Հիւրասրահի բանախօսութիւններ»ու շարքին մէջ, տեղի ունեցաւ գրականագիտական երեկոյ մը, որ նուիրուած էր Ուիլիըմ Սարոյեանին եւ ամերիկահայ գրողներու:
Օրուան բանախօսն էր Ֆրեզնոյի համալսարանի հայկական ամպիոնի վարիչ` Տիգրան Գույումճեան: Ան անդրադարձաւ Սարոյեանի կեանքին ու գործին, ինչպէս նաեւ Փիթըր Նաճարեանի եւ Դաւիթ Խերտեանի` երկու այլ ամերիկահայ գրողներու հետ անոր ունեցած բարեկամական փոխյարաբերութիւններուն: Բանախօսը կարդաց նաեւ Սարոյեանի գրութիւններէն որոշ հատուածներ, պատմեց յիշարժան դրուագներ` Սարոյեանի կեանքէն:
Հայ Դատի Ֆրանսայի Գրասենեակին
Ռատիօթոնին Հանգանակուած Է
49 Հազար Եւրօ
Հովանաւորութեամբ ծանօթ դերասան Սիմոն Աբգարեանի, 7 ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայ դատի Ֆրանսայի գրասենեակին ռատիօթոնը, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 49 հազար եւրօ: Նուիրատուութիւնններուն մեծամասնութիւնը կատարուեցաւ փարիզեան շրջանէն:
Միացեալ Նահանգներ
«Պոլսոյ Ցոլացումներ»-ու Երեկոյ
24 մարտին Պոլսահայ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ, որ հանդէս եկաւ փունջ մը հայերէն երգերով: Սիպիլին կ՛ընկերակցէր տաղանդաւոր դաշնակահար Պուրակ Պետիքեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պոլսահայ միութեան գործադիր մարմինի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեան, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց հիւրընկալելու Սիպիլը, Պուրակ Պետիքեանը եւ ծանօթ ֆիլմարտադրիչ Էրիք Նազարեանը, որոնք հայ ազգին պատիւ բերող արուեստագէտներ են:
Ապա բեմագիր եւ բեմադրիչ Էրիք Նազարեան տեղեկութիւններ փոխանցեց իր պատրաստած «Պոլիս» խորագիրով շարժապատկերին մասին, որմէ ետք 20 վայրկեան տեւողութեամբ ցուցադրուեցաւ ժապաւէնը, որ ամբողջովին նկարահանուած է Պոլսոյ մէջ եւ կ՛առնչուի Ցեղասպանութենէն վերապրողի մը թոռնիկին Պոլիս այցելութեան` իր մեծ հօր հետքերը գտնելու նպատակով, եւ` այդ վերադարձին առնչուած հոգեբանական բարդութիւններուն: Էրիք Նազարեան անդրադառնալով շարժապատկերը պատրաստելու շարժառիթին` նկատել տուաւ, թէ անոր մղիչ ուժը եղած էր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը` Պոլսոյ երաժշտական կեանքին մէջ հայութեան բերած կարեւոր ներդրումը լուսարձակի տակ առնելու փափաքին կողքին: Շարժապատկերը Հայոց ցեղասպանութեան հարցը կը քննէ հայ երաժիշտի մը եւ հնութիւններ ծախող թուրքի մը միջեւ ստեղծուած կապին միջոցով: «Պոլիս» կարճ շարժապատկերը վերջերս շահած էր «Արփա» շարժապատկերի փառատօնի «Լաւագոյն կարճ շարժապատկեր»-ի մրցանակը:
Պոլսահայ միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ եւ Իրաւաբաններու միութեան կաճառի ատենապետ Էտուին Մինասեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ձեռնարկին կազմակերպման համար, որ միացումն էր երգարուեստին եւ հայ մշակոյթի կեդրոն Պոլսոյ:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան գնահատական խօսք ուղղեց Պոլսահայ միութեան` նման ձեռնարկ մը կազմակերպած ըլլալուն համար, ապա Պոլսահայ միութեան կողմէ գնահատանքի յուշանուէրներ յանձնեց Սիպիլին, Պուրակ Պետիքեանին եւ Էրիք Նազարեանին, որ իր կարգին Գառնիի ու Գեղարդի պատկերը նուիրեց Պոլսահայ միութեան:
Յայտնենք, որ երգացանկը կը բովանդակէր «Տեսնեմ Անին», «Նամակ», «Իմ պանդուխտ հայեր», «Ծարաւ սէրի», «Կիլիկիա», «Իմ անուշ տաւիղ», «Սիրոյ ձայնը», «Ատանայի ողբերգ», «Բարի արագիլ», «Երեւան-Էրեբունի», եւ այլն:
Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի
Քահանայական Ձեռնադրութեան
40-Ամեակի Նշում
25 մարտին Նիւ Եորքի մէջ նշուեցաւ Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակը:
Տակլասթսընի (Նիւ Եորք) եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին յատուկ կոնդակը:
Նոյն օրը տեղի ունեցաւ յոբելենական ճաշկերոյթ մը, որուն հանդիսավարութիւնը կատարեց տոքթ. Արամ Գազազեան: Խօսք առին Զարիկ Պաղտատլեան («Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարան), Նուէր Օրանճեան (Ազգ. առաջնորդարանի «Լինքտ ին» երիտասարդական համախմբում) եւ Շանթ Սիմոնեան (Ս. Սարգիս «Երազ» պարախումբ): Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էր Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի անցած ուղին:
Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեան, կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Պետրոս Ճիվելեկեան, Նարեկ քհնյ. Թրթռեան եւ Օշական արք. Չոլոյեան վեր առին յոբելեար հոգեւորականին քառասնամեայ վաստակը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ յատկապէս ամերիկահայ գաղութին մէջ:
Շնորհաւորանքի ու գնահատանքի խօսքով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան:
40 Հազար Տոլարի Նուիրատուութիւններ`
Ֆրեզնոյի Հայագիտական Ծրագիրին
Թամըս Գույումճեան ընտանիքին հիմնադրամը Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կատարեց 35 հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն մը, որ պիտի տրամադրուի զանազան ձեռնարկներու եւ կրթանպաստներու, «Պըրթա եւ Ճան Կարապետեան» հիմնադրամը կատարեց 5 հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն մը:
«Լարք» Երաժշտական Ընկերակցութեան
Ելոյթները
Վերջերս «Լարք» երաժշտական ընկերակցութիւնը Լոս Անճելըսի երաժշտասէր հասարակութեան ներկայացաւ երկու համերգներով: Առաջինը` «Անլռելի զանգակատուն»-ը, որ նուիրուած էր Կոմիտասին: Ծրագրին ղեկավարն էր երաժշտանոցի փոխտնօրէնուհի Թագուհի Արզումանեան: Երկրորդը` «Դիլիջան» համերգաշարի հերթական 5-րդ համերգն էր, որուն հիւրաբար իր մասնակցութիւնը բերաւ երգչուհի, սոփրանօ Շուշիկ Պարսումեան:
Համերգները կը ղեկավարէին ջութակահար Մովսէս Պօղոսեան եւ խմբավար Վաչէ Պարսումեան:
Քալիֆորնիոյ Հայ Գրողներու Միութիւն
5 ապրիլին Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան գրական ժողովը` նախագահութեամբ Գէորգ Քրիստինեանի:
Երեկոյթին նիւթը Հայոց ցեղասպանութիւնն էր: Սեփական ստեղծագործութիւններու ընթերցումով ելոյթ ունեցան Հրաչ Մանուկեան, Լաւրենտի Յովհաննիսեան, Սահակ Թութչեան, Հենրիկ Անասեան, Ռուբէն Կորիւն, Պօղոս Լագիսեան, Գարուշ Հարեանց, Ալեքս Թամրազ, Կիմա Կիրակոսեան, Արշամ Ղազարեան, Նիկոլայ Ստեփանեան, Վռամ Նալբանդեան, Արծրուն Ալեքսանեան:
* Միութեան հովանաւորութեամբ, 15 ապրիլին Տարէցներու հաճոյական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Յակոբ Յակոբեանի «Լաւ է ուշ, քան երբեք» նոր հրատարակուած գիրքին շնորհահանդէսը:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

