Դիտարկում. Քողարկուած Դաւադրութիւն` Ամբողջ Շրջանին Դէմ Սուրիոյ Տագնապին Առիթով

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Այլեւս որո՞ւ համար պարզ ու յստակ չէ, որ Սուրիոյ մէջ պատահած դէպքերը, մարտ 2011-էն ի վեր, ո՛չ բարեկարգչական, ո՛չ յեղաշրջական եւ ո՛չ ալ վարչակարգային են, այլ` գերազանցապէս դաւադրական:

Դաւադրական` ոչ թէ անոր նախագահը վար առնելու կամ վարչակարգը տապալելու, այլ` ամբողջ շրջանը, միջինարեւելեան ու միջազգային մակարդակներով, ձեւափոխելու, կտրատելու ու մանաւանդ` ստրկացնելու:

Սուրիան, ինչ խօսք, արաբական երկիր ըլլալով հանդերձ, իր կառոյցով ու դրուածքով, գոյավիճակով ու բազմահամայնքութեամբ, նման չէ միւս արաբական երկիրներուն, որուն, ի վերջոյ, համոզուեցան (՞) «նախայարձակ» կողմերը, Ամերիկայէն մինչեւ Իսրայէլ, Ֆրանսայէն մինչեւ Ծոցի երկիրներ, սակայն անոնք հիմա կը փորձեն «արժանապատիւ» ելքեր ու հնարքներ փնտռել:

Դժբախտաբար արաբական կարգ մը երկիրներու, որոնց շարքին Լիբանանի ժողովուրդներէն մեծ մաս մը այն կարճատեսութիւնն ու միամտութիւնը ունեցաւ, որ Սուրիոյ (կամ անոր վարչակարգին) անկումով ամէն ինչ բարեյաջող կրնայ ընթանալ, երբեմն գիտակցաբար, երբեմն ալ անգիտակցաբար, չանդրադառնալով, թէ ամբողջ տարածաշրջանը դարձած է մասնատումի ու անճիտումի նշաւակ:

Բոլոր անոնք, որոնք այս ծուռ ռազմաքաղաքականութեան հաւատացող ու հետեւորդ եղած են (ու ե՛ն) արաբականութեան եւ ազգայնականութեան Սուրիա Իրաքի (կամ Լիպիոյ) ճակատագրին ենթարկելու, այսօր իրենք զիրենք կը գտնեն կարծր ու թանձր պատի մը առջեւ, պարզապէս անոր համար, որ հաշիւը չէին ըրած Սուրիոյ անտեղիտալի վճռակամութեան եւ անզիջող կեցուածքին:

Ո՞վ չէր գիտեր, որ Սուրիա այրող պահանջը ունէր ներքին բարեփոխութիւններու եւ անյետաձգելի նորարարութիւններու` սկսած իշխանութիւններէն մինչեւ ժողովրդական խաւեր:

Ո՞վ չէր գիտեր, որ Սուրիան երկար ժամանակէ ի վեր թիրախ չէր դաւաճանական ու դաւադրական գործողութիւններու` արտաքին թէ օտարամուտ տարրերէ:

Այսօր այս բոլորը աւելի քան յստակ դարձած են, մէկ կողմէն բազմաթիւ գործօններու վերատեսութեամբ (սահմանադրական, ընտրական եւ այլն), միւս կողմէն` Սուրիան խեղանդամ ընելու ճիգերով:

Ապահովութեան խորհուրդին (իմա` ՄԱԿ-ին) այս նախանձախնդրութիւնը ուրկէ՞ կու գայ սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ, սիրոյ՞, խղճի՞, փրկութեա՞ն թէ՞ խաղաղութեան տուեալներէն. բայց ինչո՞ւ տարբեր առիթներով ու հանգրուաններով նոյն վերաբերմունքը տեղի չէ ունեցած:

Արաբական լիկան, որ իր ծնունդէն եւ յատկապէս վերջին երկտասնամեակին անզօր եւ անգոյն հիմնարկութիւն մըն է, այս ի՜նչ զարթօնք կ՛ապրի արաբական հիմնադիր երկրի մը նկատմամբ նման հոգածութիւն սնուցանելով, երբ ո՛չ Իրաքի (2003), ո՛չ ալ Լիբանանի նկատմամբ (2006) այդ «խնամատար» դիրքը բռնեց:

Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն գտնուէր իր անաչառ եւ անկողմնակալ դերակատարութեան մէջ` նախքան իր տափակ յորդորներն ու սպառնալիքները թափելը, իսկ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապին, իր հերթին, աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր, որ իր սլացքները աջ ու ահեակ արձակելու փոխարէն` քիչ մըն ալ զբաղէր իր հայրենիքի` Եգիպտոսի մռայլ ճակատագիրով:

Դժբախտաբար թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը աժան եւ անհիմն երեւոյթներու վրայ գրաւ կը դնեն, աւելի ճիշդ` կը գործադրեն այն «հրահանգները», որոնք իրենց կը պարտադրուին, որովհետեւ, բուն նպատակը, ինչպէս ըսուեցաւ, արաբական ամբողջ աշխարհը պորտազրկել, պորտախեղդել կամ պորտահանելն է:

Ռուսիան եւ Չինաստանը, որոնք համոզումի ու վեթոյի իրաւունքով անընդունելի գտան Ամերիկայի եւ ընկերներուն Սուրիան ընկճելու ու ճզմելու դիտաւորութիւնները, միակ կացութիւնը կայունացնելու միջոցը նկատեցին քաղաքական երկխօսութիւնը` իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ:

Ներկայիս այդ խաղաթուղթը յաղթանակ արձանագրած է, որովհետեւ զինուորական միջամտութիւնը, որուն մասին յամառօրէն կը խօսէին արտաքին թէ արաբական կողմեր, բացառուած են. տեսնելով, թէ ատիկա պատուհասաբեր է բոլորին համար, մնաց որ սուրիացիներուն մեծ մասը համաձայն չէ այդ ընտրանքին, իսկ բանակը կը մնայ հզօր ուժ մը:

Ըստ արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներու, օրինակի համար, Ֆրանսան արդէն իսկ փոխած է իր դիրքը Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ, նախ հասկնալով այս հանգոյցին խճճուածութիւնը, ապա` կլանուած ըլլալով իր նախագահական ընտրութիւններու նախապատրաստութեամբ:

Այլեւս Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփեն, որ միշտ կը յանկերգէր Պաշշար Ասատի գահընկէցութենէն ու զինուորական միջամտութենէն, փոխած է իր լեզուն` պահանջելով զինադադար ու մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու կարելիութիւն:

Նոյնն է պարագան Ամերիկայի, որուն արտաքին գործոց նախարարուհի Հիլըրի Քլինթըն քանի մը շաբաթներ առաջ` պատրաստ էր ընդդիմութեան զէնք (ու նիւթական) տրամադրել. մինչ այսօր հրաժարած է անկէ, որ, ըստ իրեն, կրնայ ներքաղաքացիական պատերազմի պատճառ դառնալ, ակնկալելով, որ նոր բանագնաց Քոֆի Անան յաջողի իր խաղաղասիրական առաքելութեան մէջ:

Այս վերջին իրադարձութիւնները ի՞նչ կը նշանակեն, եթէ ոչ այն, որ Սուրիոյ դէմ ցարդ կիրարկուած քաղաքական բռնամիջոցները չկրցան ու չեն կրնար իրենց ախորժակներուն գոհացում տալ, կամ` Սուրիան կրնայ միգուցէ համակերպիլ կամ կքիլ այդ բոլորէն:

Վերջին հաշուով, լուծումի ճամբուն վրայ գտնուող միակ ուղին կը նկատուի արաբական-միջազգային-եւրոպական-ռուսական առանցքը, ուր ողջախոհութիւնը, արդարութիւնն ու երկխօսութիւնը դառնան տիրող ու գործող կարգախօսներ:

Անան, վիճակը խիստ վտանգաւոր գտնելով հանդերձ, զգուշաւոր լաւատեսութիւն կը յայտնէ, այնքան ատեն որ սուրիական բոլոր կողմերը պատրաստ են զօրակցելու իր առաքելութեան, պայմանաւ որ, սակայն, դաւադրութեանց հեղինակները վերջ տան ահաբեկչական ու քանդողական գործողութիւններուն:

Եթէ յիշեալ գործընթացը շարունակուի, թէկուզեւ` որոշ ժամանակի մը հեռաւորութեամբ, տագնապը կրնայ հետզհետէ տերեւաթափիլ, այլապէս անխուսափելին… անխուսափելի կը դառնայ ամբողջ շրջանին համար:

 

Պէյրութ, 27 մարտ 2012

Share this Article
CATEGORIES