Փիլիսոփայութեան Արժէքը
Երբ հարց կու տանք աշխարհն ու մարդկութիւնը հետաքրքրող տարբեր նիւթերու մասին` ըլլան անոնք գիտական, թուաբանական կամ փիլիսոփայական, կարեւոր է նկատի ունենալ այս հարցումը` ի՞նչ է փիլիսոփայութեան արժէքը: Ոչ մէկ ճշմարտութեան կը հասնին այն անձերը, որոնք գիտութեան եւ գործնական հետազօտութիւններու ազդեցութեան տակ հակամէտ կը դառնան ըսելու, թէ փիլիսոփայութիւնը անպէտք վիճաբանութիւններէ զատ ոչինչ է:
Փիլիսոփայութեան մասին գոյութիւն ունեցող այս տեսակէտը արդիւնք է «կեանքի» գաղափարի սխալ ըմբռնումին եւ մասամբ սխալ ընկալումին այն բոլոր բաներուն, զորս կը ձգտի պարզել փիլիսոփայութիւնը: Ֆիզիքական գիտութիւնը իր գիւտերուն պատճառով օգտակար է բաւական մեծ թիւով մարդոց, որոնք անտեղեակ են անոր օգտակարութենէն: Ուրեմն գիտութեան ուսումնասիրութիւնն ու սերտողութիւնը յանձնարարելի է ո՛չ միայն աշակերտին վրայ ձգած իր ազդեցութեամբ, այլ` այն մեծ ազդեցութեամբ, որ ան ունի մարդկութեան վրայ: Փիլիսոփայութեան արժէքն ու օգտակարութիւնը այս չէ: Եթէ փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութիւնը արժէք ունի նաեւ անոնց համար, որոնք փիլիսոփայութեան աշակերտ չեն, ապա անոր կարեւորութիւնն ու հիմնական արժէքը պէտք է ուսումնասիրուին այն ազդեցութեամբ, զոր ան կ՛ունենայ մարդոց կեանքերուն վրայ:
Ճշդելու համար փիլիսոփայութեան արժէքը` կարեւոր է ձերբազատիլ ամէն տեսակ նախապաշարումներէ, որոնք մարդոց կողմէ սխալմամբ կը կոչուին գործնական: Ընդհանրապէս գործնական մարդ կը կոչուի այն անհատը, որ կը ճանչնայ միայն նիւթական կարիքները, կը հաւատայ, թէ մարդը սնունդ պէտք է հայթայթէ միայն իր մարմնին, եւ կը մոռնայ, թէ միաժամանակ նոյնքան կարեւոր է, որ ան սնունդ տրամադրէ իր մտքին: Եթէ աղքատութիւնն ու հիւանդութիւնները հասնէին իրենց նուազագոյնին, տակաւին բաւական ընելիք կը մնայ ստեղծելու արժէքաւոր ընկերութիւն մը: Նոյնիսկ ներկայ աշխարհին մէջ մտային բերքն ու առաւելութիւնները կարեւոր են նոյնքան, որքան` ֆիզիքականինը: Մտային բերքին ընդմէջէն է, որ, բացառապէս, պէտք է փնտռենք ու գտնենք փիլիսոփայութեան արժէքը: Այս բարիքներուն նկատմամբ անտարբեր չեղողները միա՛յն կրնան համոզուիլ, թէ փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութիւնը ժամանակի կորուստ չէ: Փիլիսոփայութիւնը, ինչպէս` տարբեր հետազօտութիւններ կամ ուսումնասիրութիւններ, թիրախ կը դարձնէ գիտութիւնը¬հմտութիւնը (նոլեճ), որ ամբողջութիւն եւ համակարգ կու տայ բոլոր այլ կիրառական գիտութիւններուն էական մասին: Անիկա նաեւ արդիւնք է մեր համոզումներուն, նախապաշարումներուն եւ հաւատքի քննդատական քննութեան: Միաժամանակ կարեւոր է ընդունիլ, որ, այո՛, փիլիսոփայութիւնը չէ յաջողած հաստատ պատասխաններ գտնել իր առաջադրած հարցադրումներուն: Եթէ ուզէք հարցնել թուաբանագէտի մը կամ պատմաբանի մը, թէ ի՞նչ յստակ ճշմարտութիւն մը հաստատած է այն գիտութեամբ, որուն մասնագէտն է ինք, անոր պատասխանը կ՛երկարի եւ կը ծաւալի այնքան, որքան դուն կրնաս մտիկ ընել: Բայց եթէ այս նոյն հարցումը ուղղուի փիլիսոփայի մը, ան պէտք է ընդունի, որ իր կատարած ուսումնասիրութիւններէն դրական արդիւնքներու հասնիլը կարելի չէ, ինչպէս է այլ գիտական բնագաւառներու պարագային: Իրականութիւնը այն է, որ երբ հաստատ իմաստ կը տրուի տուեալ հարցադրումի կամ նիւթի մը, այդ նիւթը կը դադրի փիլիսոփայութիւն կոչուելէ եւ կը դառնայ անջատ գիտութիւն (սեփըրըթ սայընս): Օրին հոգեբանութիւնն ու աստղագիտութիւնը ներառուած էին փիլիսոփայութեան մէջ, ուրեմն, մինչեւ որոշ կէտ մը փիլիսոփայութեան անորոշութիւնը աւելի ակներեւ է, քան` իրականութիւնը: Եւ ինչպէս ըսինք, այն հարցումները, որոնց կարելի է յստակ պատասխաններ տալ, կը դասուին գործնական գիտութիւններու շարքին, իսկ անոնք, որոնց պատասխանը կարելի չէ որոշակի ձեւով հաստատել, մաս կը կազմեն այն մնացորդացին, որ կը կոչուի փիլիսոփայութիւն:
Ասիկա սակայն կը կազմէ փիլիսոփայութեան անորոշութեան մէկ որոշ ճշմարտութիւնը: Կան բազմաթիւ հարցադրումներ եւ անոնցմէ բաւական խորունկները, որոնք պէտք է անպատասխան մնան մարդուն մտքին, բացի եթէ անոնց ուժը կամ ազդեցութիւնը դառնայ տարբեր այդ ուժէն, որ անոնք ունին ներկայիս: Տիեզերքը համամտական նպատակ մը ունի՞ կամ պատահական հիւլէներու համակարգ մըն է: Չարը եւ բարին կարեւորութիւն ունի՞ն տիեզերքին համար, թէ՞ միայն մարդոց համար են: Ահա այսպիսի հարցումներու է, որ կը փորձեն պատասխաններ տալ փիլիսոփայութիւնն ու փիլիսոփաները: Բայց կը թուի, որ այս հարցումներուն պատասխանները, տեսանելի ըլլան կամ ոչ, փիլիսոփաներուն առաջարկած պատասխաններէն ոչ մէկը ապացուցաբար ճշմարիտ է: Սակայն որքան ալ փոքր ըլլայ ճշմարիտ պատասխան մը գտնելու յոյսը, փիլիսոփայութեան պարտականութիւնն է շարունակել նկատի առնել այս տեսակ հարցադրումները, որպէսզի կարելի ըլլայ ցոյց տալ անոնց կարեւորութիւնը, քննել կարելի բոլոր մօտեցումները եւ ողջ պահել այդ հայեցողական հետաքրքրութիւնը տիեզերքին մէջ, զոր «սպաննած» պիտի ըլլանք, եթէ սահմանափակուինք միայն այն գիտութիւններով, որոնք ունին հաստատ բացատրութիւններ եւ պատասխաններ: Հակառակ անոր որ բազմաթիւ փիլիսոփաներ ընդունած են, թէ փիլիսոփայութիւնը կրնայ հաստատել ճշմարտութիւնը` կարգ մը հիմնական հարցադրումներու, բայց եւ այնպէս կարելի չէ փիլիսոփայութեան արժէքին մէջ ներառել հաստատ ու անփոփոխ պատասխաններու կամ գիտութեան մը ներկայութիւնը:
Հիմնականին մէջ փիլիսոփայութեան արժէքը պէտք է տեղադրել անորոշութեան մէջ: Այն մարդը, որ փիլիսոփայական ոչ մէկ երանգ ունի, կ՛ապրի կեանք մը` բանտարկուած նախապաշարումներով, որոնք սեռած են սովորական հաւատալիքներէ կամ համոզումներէ, ուր իր անձնական արդարամտութիւնը բացակայ է: Այս տեսակ մարդոց համար աշխարհը եւ տիեզերքը յստակ ու հաստատ են, հասարակ առարկաները հարցումներու տեղի չեն տար, իսկ քիչ մը տարօրինակ եւ արտասովոր կարելիութիւնները անարգօրէն կը մերժուին: Սակայն, երբ կը սկսինք փիլիսոփայութեան, կը նկատենք, որ նոյնիսկ մեր ամէնօրեայ գործերը մեզ կ՛առաջնորդեն հարցերու, որոնց միայն կիսկատար պատասխան կարելի է տալ: Հակառակ անոր որ փիլիսոփայութիւնը անկարող է վստահութեամբ մեզի յայտնել ճշմարիտ պատասխանը այն կասկածներուն, զորս ինք կը ստեղծէ, սակայն կ՛առաջարկէ բազմաթիւ կարելիութիւններ, որոնք կ՛ընդարձակեն եւ կ՛ազատեն միտքը «սովորութիւններու բռնութենէն»: Ուրեմն, երբ կը նուազեցնենք մեր վստահութեան զգացումը, թէ ի՛նչ են առարկաները, կը բարձրացնենք մեր գիտութիւնը, թէ անոնք ի՛նչ կրնան ըլլալ: Այս ձեւով կը վերցնենք կամ կը հանենք մեր մէջ հաստատուած վարդապետականութիւնը, առաւել` այս ձեւով մենք մեզի թոյլ կու տանք ներկայացնելու ծանօթ բաներ արտասովոր կամ նոյնիսկ անծանօթ կերպարանքով եւ նայուածքով:
Անկախ լայն հնարաւորութիւններ ցոյց տալու իր շահեկանութենէն` փիլիսոփայութիւնը ունի տարբեր արժէք մը, հաւանաբար` իր մեծագոյն արժէքը, որ կը գոյանայ այն առարկաներուն կամ հարցադրումներուն մէջ, զորս փիլիսոփայութիւնը կը սերտէ: Բնազդական մարդու մը կեանքը սահմանափակուած կ՛ըլլայ, ինչպէս ըսինք, ներառելով միայն իր անձնական շահերը, ընտանիքն ու ընկերները: Բաղդատած փիլիսոփայական հանդարտ ու ազատ կեանքին` այդ տեսակ բնազդական շահերու անձնական աշխարհը փոքր է, տեղադրուած հսկայ ու հզօր աշխարհի մը մէջ, որ ուշ կամ կանուխ պիտի քանդէ մեր անձնական կեանքերը:
Մինչեւ որ չընդարձակենք մեր հետաքրքրութիւնն ու շահերը այն աստիճան, որ ներառենք ամբողջ դուրսի աշխարհը, պիտի մնանք եւ նմանինք պահակազօրի մը, որ պաշարուած է ամրոցի մը մէջ` գիտնալով, թէ թշնամին կ՛արգիլէ փախուստը, իսկ յանձնուիլը անխուսափելի կը դառնայ: Յիշեալ կեանքին մէջ խաղաղութիւն չկայ, այլ յարատեւ պայքար` փափաքներու պնդումի եւ կամքի անզօրութեան միջեւ:
Փախուստը` փիլիսոփայութեան զննութեամբ:
Փիլիսոփայութիւնը տիեզերքը չի բաժներ երկու թշնամի կողմերու` չարի եւ բարիի, այլ տիեզերքը կը դիտէ արդարօրէն իբրեւ ամբողջութիւն: Զուտ փիլիսոփայական զննութիւնը չի ձգտիր փաստելու, որ տիեզերքը համասեռ է մարդուն: Գիտութեան ամէն ձեւի տիրացում` ինքնութեան ընդարձակում է, բայց յարմարագոյն ձեւը հասնելու այս ընդարձակումին, կը կայանայ, երբ ուղղակիօրէն չէ փնտռուած: Ատիկա կարելի է ունենալ, երբ գիտութեան¬հմտութեան իղձը ներգործող է, ուսումնասիրութեամբ մը, որ կանխաւ չ՛ենթադրեր, որ խնդրոյ առարկան պէտք է այս կամ այն յատկանիշը ունենայ, այլ կը յարմարցնէ ինքնութիւնը այդ յատկանիշներուն, զորս կը գտնէ տուեալ առարկային մէջ:
Կարելի չէ այս ընդարձակման հասնիլ, երբ նկատի կ՛ունենանք այս ինքնութիւնը այնպէս, ինչպէս որ է, եւ կը փորձենք ցոյց տալ, թէ աշխարհը որքան նման է այս ինքնութեան, զոր ընդունիլը կարելի պիտի ըլլայ առանց ընդունելու այն, ինչ որ մեզի համար տարօրինակ կը թուի: Այս տեսակի ձգտումը կը կոչենք «ինքնապնդում», որ կը խոչընդոտէ վերոյիշեալ ինքնութեան աճը: Այսպէս կոչուած «ինքնապնդումը», փիլիսոփայական բնագիրին մէջ դրուած, աշխարհը կը տեսնէ իբրեւ միջոց իր իսկ նպատակներուն համար: Ուստի այս տեսակ աշխարհահայեացքը կը նուազեցնէ այս «ինքնութեան» արժէքը եւ կը սահմանափակէ անոր բարիքներուն վսեմութիւնը: Ասոր հակառակ` փիլիսոփայական զննութիւնը կը սկսի «ոչ ինքնութենէն» (not self) եւ անոր վսեմութեան ընդմէջէն կ՛ընդարձակէ ինքնութեան սահմանները:
Այդ իսկ պատճառով էութեան մը վսեմութիւնը չի մեծնար այն փիլիսոփայութեամբ, որ կը նմանցնէ տիեզերքը մարդուն: Գիտութիւնը միացում մըն է ինքնութեան եւ «ոչ ինքնութեան»: Իսկական փիլիսոփայական զննութիւնը իր գոհացումը կը գտնէ այս ոչ ինքնութեան ընդարձակման մէջ: Զննութեան մէջ բոլոր այն բաները, որոնք հիմնուած են սովորութեան կամ անձնական շահերուն վրայ, կը սպառնան եւ կը խանգարեն այս ինքնութեան ու ոչ ինքնութիւն միութիւնը եւ կը խոչընդոտեն ազատ միտքը: Ուրեմն ազատ միտքը աւելի պիտի արժեւորէ վերացական եւ տիեզերական գիտութիւնը, քան այն, որ հիմնուած է զգայարանքներու եւ մարդկային տեսակէտներու վրայ:
Հետեւաբար փիլիսոփայութիւնը պէտք չէ քննուի հաստատ պատասխաններ գտնելու նպատակով, գիտնալով, որ կարելի չէ հաստատել իր դրած հարցադրումներուն պատասխաններուն ճշմարտութիւնը, այլ անիկա պէտք է քննուի առաջադրուած հարցադրումներուն համար: Անոնք կ՛ընդլայնեն մեր մտապատկերը, կը հարստացնեն մեր երեւակայութիւնը եւ կը ձերբազատեն մարդ արարածը նախապաշարումներէ: Բայց ամէնէն կարեւորը այն է, որ շնորհիւ տիեզերքի վսեմութեան, որուն զննութեան առարկայ կը դարձնէ փիլիսոփայութիւնը, նաեւ միտքն է, որ կը դառնայ վսեմ եւ կը կարողանայ միանալ տիեզերքին, որ կը կազմէ անոր բարձրագոյն արժէքը:
ՊԸՐԹՐԵՆՏ ՌԱՇԵԼ
Թարգմանեց` ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

