Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. ՀՕՄ-ը Ջաւախքի Մէջ. «Ճաշի Օր» Ծրագիր
Ջաւախքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով Վրաստանի ՀՕՄ-ի վարչութինը գործադրեց «Ճաշի օր» ծրագիրը: Հակառակ նիւթական իր սահմանափակ կարելիութիւններուն` Վրաստանի ՀՕՄ-ը որոշած էր այս ծրագիրը իրականացնել` թէկուզ մէկօրեայ ճաշկերոյթով ուշադրութիւն դարձնելու թոշակառու, միայնակ ու կարիքաւոր այն մարդոց, որոնք շոյուած կը զգան այդ վերաբերմունքէն:
Ծրագիրը կազմակերպուեցաւ Ս. Զատկուան տօնին առիթով, 5 ապրիլ 2012-ին: Անոր մասնակցեցան Ախալքալաքի շրջանի Օլավերդ, Սամսար, Բաւրա, Դիլիսկա եւ այլ գիւղերէն, ինչպէս նաեւ Ախալքալաք քաղաքէն 47 թոշակառուներ, կարիքաւորներ ու միայնակներ: Ամենատարեց մասնակիցը 94-ամեայ Մարիամ տատիկն էր, որ իրապէս կարիքը ունէր իր հասակակիցներուն հետ կապ հաստատելու: Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Ախալքալաքի «Syuze» ճաշարանին մէջ, որ տարբեր ճաշատեսակներով ճոխ սեղաններու շուրջ ընդունեց հիւրերը: Քանի որ ներկաները կաշկանդուած ու նեղուած կը զգային անսովոր ջերմ վերաբերմունքին համար, Վրաստանի ՀՕՄ-ի վարչութեան ատենապետուհի Կարինէ Թադեւոսեանը զանոնք հանգստացուց` բացատրելով, որ այսօրինակ ծրագիրներ ՀՕՄ-ի սփիւռքի կառոյցներուն մէջ ընդունուած ձեռնարկներ են եւ անյարմար զգալու պատճառ չկայ: Ան մասնակիցներուն ներկայացուց նաեւ ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը, անոր ծրագիրներն ու աշխարհատարած կառոյցը: Ճաշկերոյթի ընթացքին ՀՕՄ-ուհիները մասնակիցներուն խօսեցան Զատկուան տօնին մասին, ապա զուարճախօսութիւններ ներկայացուցին` ուրախացնելով հրաւիրեալները եւ զանոնք քանի մը ժամով կտրելով առօրեայ հոգերէն:
Սամսար գիւղի բնակիչ Սարգիսը իր բարեմաղթանքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց ՀՕՄ-ին` ոչ միայն այդ օրուան հիւրասիրութեան համար, որուն ներկայ էին նաեւ իր փոքրիկ թոռնիկները եւ կինը, այլ նաեւ իր ընտանիքին` Վրաստանի ՀՕՄ-ի մշտական օժանդակութեան համար:
3-4 ժամ տեւած ճաշկերոյթէն ետք ներկաները հեռացան նորէն հանդիպելու ակնկալիքով, «շնորհակալական ու բարեմաղթանքի խօսքերը շուրթերին` ուղղուած ՀՕՄ-ի կառոյցին ու բոլոր անոնց, ովքեր այդ ուրախ ու հաճելի օրը պարգեւեցին իրենց», Վրաստանի ՀՕՄ-ի վարչական ընկերուհիի մը բառերով:
Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ Վրաստանի ՀՕՄ-ի վարչութիւնը հոգացած էր «Ճաշի օր» ծրագրին մասնակցներուն գիւղերէն Ախալքալաք գալու բոլոր ծախսերը, իսկ շատերուն յատկացուցած` հագուստ ու կօշիկներ:


