ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 97-ԱՄԵԱԿ. Հարիւրամեակի Մը Շեմին. Կը Դառնա՞յ Համազգային` Արեւմտահայաստանի Եւ Հայոց Ազատագրութեան Դատը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Խօսքը չի վերաբերիր ծամօն դարձած ցեղասպանութեան ճանաչման պատճառով երջանկացնող թուղթի սպառման, կամ ձայնային աղմկարարութեան, որ դարձած է մխիթարութիւն փնտռելու անվաղորդայն օրօր, կարեւոր դառնալու համացանցային մարզանք:

Արեւմտահայաստանը բռնագրաւուած է, եւ անոր ժողովուրդին իրաւունքներն ու ինքնութիւնը ոտնակոխ դարձած են միջազգային դաւադրութիւններու պատճառով: Նաեւ, եթէ մեր հայեացքը դարձնենք ներքին ճակատի վրայ, կ’աւելցնենք` մեր բազմագոյն ճապկումներով եւ տեղատուութիւններով: Առաւել, եւ այս յաճախ զանազան եւ զարմանազան մարդորսութիւններու տուրք տալով կ’անգիտանանք, տեղի կ’ունենայ, Միացեալ ազգերու համաձայնագրով իսկ նախատեսուած եւ սահմանուած ՄՇԱԿՈՒԹԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ, ինչ որ աւելի պարզ եւ անցեալի դասական հասկնալի բացատրութեամբ կը կոչուի ԱՆԱՐԻՒՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Աւեր գործեցինք, մեծով եւ պզտիկով, երբ թաքնուեցանք Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ազատագրական պայքարէ փարսախներով հեռու բանաձեւի ետին, եւ մոռցանք ժողովուրդին հողը, մշակոյթը, լեզուն, հարազատ ինքնութիւնը:

Եւ տեղատուութիւնները արդարացուցինք զիկզակելով:

Հայրենահանուած ժողովուրդը կոտորակուելով` դարձած է համայնքներ, ուր դեռ կան «հայասէր»-ներ եւ «ծագումով հայ զբօսաշրջիկներ, «տուրիստ»-ներ, որոնք դեռ կը հետապնդեն անապագայ ինքնահաստատում մը, անապագայ լինելութեան մը հանգրուանի մը ճանապարհին վրայ: Ստեղծուած են համայնքներ, ուր հայերէն խօսք, գիր, պատմութիւն աղօտ յիշատակներ են, բախտաւոր պարագային` սոսկ «ֆոլքլոր» կամ անորակ երգերով սրահներ յուզող աննպատակ աղմուկ:

Ոչ ոք կ’ուզէ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒԱԾ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՎ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅՈՎ իրապէս մտահոգուիլ: Կա՞յ իրապէս հայկական ապագայ մը այդ ժողովուրդին համար: Կամ` ի՞նչ հեռանկար ունի այդ ժողովուրդը, կամ` ի՞նչ հեռանկար կը նախատեսուի այդ ժողովուրդին համար: Հայրենահանուած ժողովուրդի շարունակութիւն էր, այն ինչ որ կոչեցինք ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆ, հետագային կոչեցինք ՍՓԻՒՌՔ: Հաւաքականութիւնները ապրեցան տեսական երազով մը, զոր ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ կոչած եմ յաճախ, եւ որ ինքզինք գտաւ հոգեկան-ոգեկան դատարկութեան մը առջեւ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութենէն տեղի ունեցած եւ շարունակուող ԱՂԷՏ-ԱՐՏԱԳԱՂԹին պատճառով: Ո՞ր վերադարձին մասին  կարելի  է խօսիլ, լսել եւ լսուիլ, երբ անպատասխանատուութեամբ հայրենիքը կը դատարկեն հողին բնիկները:

Ոչ ոք ուզեց քննել, առանց սեթեւեթի եւ զգացական ճապկումներու, այս արտագաղթի բացասական հետեւանքները, ե՛ւ հանրապետութեան ե՛ւ սփիւռքի պարագաներուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան դրացիները, պարզագոյն ձեւով խօսելով, միշտ ալ բարեացակամ չեն, չեն եղած: Ի վերջոյ, հողին տիրութիւն կ’ընեն բնակիչները, եւ մեկնողները այդ տիրութենէն կը հրաժարին: Եւ մնացողներուն համար ալ կ’ըլլան բացասական օրինակ: Պատնէշի ետին մարդիկ պէտք են` ո՛չ «բիզնես», ո՛չ «տուրիստներ»: Բարեկամներու «ամպհովանի»-ն այդքան է, սեփական ուժերով պահուած պատնէշ չէ: Անատակ եղանք, ամբոխի մակարդակին եւ բարձրագոյն ոլորտներու մէջ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ ունենալու:

Ոչ ոք կ’ուզէ այսօր քննել, առանց հաճոյակատարութեան, սփիւռքի (սփիւռքներու) կացութիւնը: Ո՞վ կրնայ գնահատումը ընել սփիւռքի համրանքին: Ի՞նչ են չափանիշները: Բայց երեւակայութեան թռիչք տալով` կը տրուին թիւեր. տասնէն քսան միլիոն… Լաւ է, կրնանք երեւակայել, որ ուժ ենք… Բայց լաւ պիտի ըլլայ նկատի առնել տեսակարար ազդակները, երբ կը խօսինք տասը կամ քսան միլիոնի մասին:

Երբ լեզուն կը կորսուի, ի՞նչ բան կը ժառանգենք:

Յաճախ պէտք է կրկնել իմաստասէր Լէոն Պրէօնշվիկի խօսքը` «Բառերու ժառանգութիւն, գաղափարներու ժառանգութիւն»: Ինչպէ՞ս ինքզինք զգալ ազգին մէջ, երբ խօսքի հաղորդութիւնը կը բացակայի: Կը սիրենք բացառութիւնները յիշել` մխիթարուելու համար: Բայց վերցուցէ՛ք բացառութիւնները եւ դիտեցէ՛ք մեծամասնութիւնը: Նոյնիսկ անոնք, որոնք դեռ կը պահեն, Շաւարշ Միսաքեանի պատկերաւոր բացատրութեամբ, «հաց-պանիրի հայերէն» մը, ի՞նչ կը ժառանգեն եւ ի՞նչ կը փոխանցեն, երբ կը բացակային մշակոյթը, գիրը, գրականութիւնը, ազնիւ հայերէն երգը, գիրքը,  պատմութիւնը, որուն շարունակուող օղակը պէտք է ըլլալ:

Հայրենահանուած արեւմտահայ ժողովուրդը ունէր իր ուրոյն աշխարհաբարը, անով ստեղծած էր գրականութիւն: Այսօր, Սփիւռքի բացասական ազդակներու ազդեցութեան ներքեւ, կորստեան վտանգ կ’ապրի այդ աշխարհաբարը: Չարագուշակ բուի վայ չէ, ինչ որ կ’ըսուի: Սփիւռքի ղեկավարութիւնները, որոնք անցեալին աւելի մեծ գիտակցութիւն ցուցաբերեցին, կը թուի, թէ այսօր զէնքերը վար դրած են, եւ բաժակ մը ջուրի մէջ փոթորիկ ստեղծելու պէս, բարեսիրութեամբ կը զբաղին եւ գոհ են: Հայաստանի իշխանութիւնները, խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք, լեզուի զտման եւ հարազատ ուղղագրութեան վերականգնումի քաղաքանութիւն չունեցան, որպէսզի Հայաստան-սփիւռք հեռացումները նուազին: Ընդհակառակն, գտնուեցան նախարարիկներ, որոնք ամբարտաւանութեամբ յայտարարեցին, որ իրենց ողջութեան այդ վերականգնումը թոյլ պիտի չտան: Բայց շարունակուեցան սրահ յուզող միութեան եւ միասնութեան ճառերը…

Կը պատահի՞, որ մտածենք, թէ երբ կորսուի արեւմտահայերէնը, երբ սփիւռքները դադրին հայախօս ըլլալէ, պատմութեան ո՞ր դարաններուն մէջ պահ պիտի դրուին արեւմտահայութիւնը եւ արեւմտահայերէնը: Այս հարցումին պատասխան մը ճարելու համար չ’արժե՞ր ցոյց մը կազմակերպել, ըսել, որ ՄՇԱԿՈՒԹԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ կը գործուի արեւուն տակ, ՄՇԱԿՈՒԹԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՈՐ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ Է ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ: Ցոյց` ՄԱԿ-ի շէնքին առջեւ, ցոյց` նաեւ մեր բազմագոյն ղեկավարութիւններու դարպասներուն առջեւ:

Ըսինք` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակ:

Ըսելիք եւ ընելիք չունի՞նք ընթացքի մէջ եղող մշակութասպանութեան մասին, որ նստած է մեր դռներուն առջեւ:

Բայց նման հարցով ամբոխ չի յուզուիր:

Թուղթի սպառումը չ’աւելնար:

Ակնթարթի մը համար հեռատեսիլի պատուհանը չի բացուիր:

Եւ հաւկուրութիւնը կը շարունակուի սովորամոլութեան ճահիճին մէջ:

Ափսո՜ս…

 

2 ապրիլ 2012, Նուազի-լը-Կրան

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES