ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 97-ԱՄԵԱԿ. Նահատակներու Կտակով

Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

24 Ապրիլ 1915-ին, հակառակ անոր որ հայը իր հայրենիքէն դուրս քշուեցաւ, բռնեց տարագրութեան ուղին, ականատես եղաւ իր հարազատներուն սպանդին, ենթարկուեցաւ աննկարագրելի չարչարանքի եւ հոգեկան ու ֆիզիքական տառապանքի, մէկի փոխարէն քանի մը անգամ սպաննուեցաւ, սակայն ան դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ, շտկեց իր մէջքը եւ շարունակեց քալել: Ան քալեց, որովհետեւ չուզեց հաւատալ, թէ իր ազգին Ցեղասպանութիւնն է, որ կը գործադրուի, թէ ինք դուրս մնացած է իր հողերէն, կորսնցուցած է իր հարազատները եւ ամէն երկվայրկեան վտանգուած է բնաջնջումի.  ան չուզեց հաւատալ, որ թերեւս ի՛նք հայ ազգէն մնացած այն միակ հայն է, զոր թուրքը ծրագրած էր թանգարան դնել, ան չհաւատաց, որ հայ ազգին նման հզօր ազգ մը կրնայ ոչնչանալ: Տէր Զօրի տաք եւ այրող հողերուն վրայ սողալով քալած ատեն նոյնիսկ, երկար ու բոցով լեցուն ճամբայ կտրած եւ ահաւոր դէպքերու ականատես եղած, ամէն քայլափոխի իր ազգակիցներուն արեան հոտը շնչած եւ անոնց աղաղակը լսած հայը միշտ հաւատաց, որ իր գողգոթան վերջ մը ունի, միշտ հաւատաց, որ ինք պիտի հասնի փրկութեան ափը, ուր պիտի կարենայ հայօրէ՛ն ապրիլ եւ հայ սերունդներ դաստիարակել, ան հաւատաց իրեն հետ ճամբայ ելած եւ իրեն հետ չմնացած իր ազգակիցներուն փոխանցած կտակին զօրութեան եւ քալեց, երկա՜ր քալեց, տառապանքով եւ ցաւո՛վ քալեց… եւ հասաւ:

Միշտ կերտելու, իր անցած ճամբուն վրայ ակօսներ բանալու եւ կեանքի հատիկներ ցանելու ազգային բնազդէն մղուած` հայը իր բնակարանը, դպրոցն ու եկեղեցին շինեց հո՛ն, ուր հաստատուեցաւ: Սակայն ան երբեք չմոռցաւ անապատէն իրեն հետ բերած անթաղ մեռելներուն աւանդը, չմոռցաւ իր ճիտին պարտքը՝ նորածին մանուկին կաթին հետ անոր տալու հայկականութեան սնունդ եւ ըսելու, թէ հայ ժողովուրդը պարզ ժողովուրդ չէ, անիկա տեղահանուած եւ Ցեղասպանութեան ենթարկուած է: Նահատակներու կանչերը անդադար հնչեցին հայուն ականջին ու հակառակ բոլոր դժուարութիւններու եւ վտանգներու, չձգեցին, որ ան այլասերի, այլ` ընդհակառակն, ան ուխտեց իր նահատակ հայրերուն արեան հատուցում պահանջել: Ան ուզեց ըսել համայն աշխարհին, թէ Ապրիլեան եղեռնը հայութեան վերջակէտը չեղաւ, թէ` մեր միլիոնաւոր նահատակներուն բեկորեալ ոսկորներէն ծնան նոր սերունդներ` հաւատարմութեան ոգիով շարունակելու համար իրենց հայկականութիւնը, թէ` հայ ազգը սոսկ ջարդուած ու ջարդուող ժողովուրդ չէ, այլ` յարութիւն առնող, վերածնող եւ իր իրաւունքը պահանջող ցեղ է:

Ապրիլ ամսուան ընթացքին պատահած նահատակութիւններն ու մահերը, կոտորածներն ու աղէտը ամէն տարի հայութեան մօտ անգամ մը եւս կը վերակենդանացնեն պահանջատիրութեան ոգին եւ վրէժխնդրութիւն ներշնչող յիշատակը մեր անմեռ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:

Եղեռնին յաջորդող 50 տարիներ կրեցին սուգի դրոշմ. Ապրիլ 24-ը լացի օր է, լաց` մեր նահատակներուն եւ բռնագրաւեալ հողերուն համար:

Յաջորդող տարիներուն ողբի մթնոլորտը փոխուեցաւ պայքարի հնչեղ ձայնով եւ համայն հայութիւնը յայտարարեց, որ Ապրիլ 24-ը սուգի օր չէ, այլ` պայքարի: Այս ձայնը յատկապէս բարձրացաւ եւ ամրապնդուեցաւ երիտասարդութեան կողմէ, որոնք փողոցները ողողեցին քայլարշաւներով, ջահարշաւներով, Թուրքիոյ անմարդկային արարքը դատապարտող կոչերով, վրէժ լուծելու եւ Հայ դատին ու խլուած հողերուն պահանջատէր մնալու վճռակամութեամբ:

Պայքարի ոգին ու պահանջատիրութիւնը տարիներուն ընթացքին փողոցներէն եւ հայկական բեմերէն շատ անդին երթալով հասան միջազգային ատեաններ եւ մեծ պետութիւններն ու խորհրդարանները` դառնալով շնչող ու աշխարհի տարածքին սփռուած խիղճը մարդկութեան, գոռացող ձայնը արդարութեան` թէ՛ ժողովրդային եւ թէ քաղաքական խաւերուն մօտ:

Մեր նահատակներու կտակը ապրեցաւ վերապրող հայութեամբ ու անոր կողմէ փոխանցուեցաւ յառաջիկայ սերունդներուն:

Այսօր հերթը մե՛րն է, մենք եւս պէտք է ապրինք անոնց ոգիով, հաւատարիմ մնանք անոնց սրբազան կտակին եւ մեր կարգին զայն փոխանցենք մեր զաւակներուն, որպէսզի երթը շարունակուի եւ ջահը անմար մնայ…

Այսօր հերթը մե՛րն է բարձրագոռ աղաղակելու, որ մենք վճռակամ ենք չլռելու, այնքան ատեն որ մեր իրաւունքներուն չենք տիրացած:

Ճիշդ է, որ Ապրիլ 24-ով չէ սահմանափակուած մեր Դատին հետապնդումը, բայց տարուան ա՛յդ օրը առիթ է համայն հայութեան` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, պահանջատէրի իր ձայները միացնելու եւ Տէր Զօրի անապատներուն պատգամով ներշնչուած հաստատելու, որ տէրն ենք մեր դատին ո՛ւր ալ գտնուինք, ի՛նչ ժամանակներու մէջ ալ ապրինք…

Ապրիլ 24 թուականէն սարսափող թուրքը անգամ մը եւս զգաստութեան պէտք է հրաւիրենք մեր քայլարշաւներով, ոգեկոչումներով, մեր համախմբուածութեամբ, մեր ուժով եւ միասնական զօրութեամբ:

Յառա՛ջ ուրեմն, յառաջ անսասան ու անթեթեւ, դէպի նորանոր յաղթանակներ, դէպի իրականացումը մեր նահատակներուն եւ համայն հայութեան մեծ երազին` մեր ամբողջական հայրենիքի վերատիրացման եւ մեր արդար դատի լուծման:

 

 

Share this Article
CATEGORIES