«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Աթլեթիքօ Մատրիտ – Վալենսիա Եւ Սփորթինկ Լիզպոն – Աթլեթիքօ Պիլպաօ

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան Աթլեթիքօ Մատրիտ – Վալենսիա եւ Սփորթինկ Լիզպոն – Աթլեթիքօ Պիլպաօ ճակատումները: Անոնք երկուքն ալ պիտի սկսին ժամը 22:05-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Մրցաշարքը այժմ կը շարունակուի սպանական խումբերուն տիրապետութեամբ` նկատի ունենալով որ երեքը սպանական կազմեր են: Սփորթինկ Լիզպոն փորթուգալեան խումբ է:

Նշենք, որ դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ հինգշաբթի, 26 ապրիլին:

 

Share this Article
CATEGORIES