«Ուիլշեր Պիտի Չմասնակցի Եւրօ-2012-ին Կ՛Ըսէ Վենկեր

Ճեք Ուիլշեր

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Արսենալի միջնապահ Ճեք Ուիլշեր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Եւրօ-2012-ին, յայտնեց լոնտոնեան ակումբին մարզիչը Արսեն Վենկեր:

20 տարեկան Ուիլշեր, որ այս տարեշրջանին չտեսնուեցաւ դաշտերուն վրայ, դժուար թէ ապաքինի մինչեւ յառաջիկայ յունիս, երբ Լեհաստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ սկսի Եւրօ-2012-ի ախոյեանութիւնը:

2010-ին առաջին անգամ ըլլալով Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած Ուիլշեր մասնակցած է միջազգային հինգ մրցումի:

Share this Article
CATEGORIES