ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. Քլիփըրզ Եւս Ապահովեց Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 11 ճակատումներ: Անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, փլէյ-օֆի իրենց տոմսը ապահովող խումբերուն թիւը բարձրացաւ տասի:

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ հանդիսացաւ այդ տասներորդ խումբը` 92-77 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Օքլահոմա Սիթին:

Նշենք, որ Քլիփըրզ վերջին անգամ փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը ապահոված էր 2005-2006 տարեշրջանին:

Ցարդ իրենց տոմսերը ապահոված են Շիքակօ Պուլզ, Մայեմի Հիթ, Ինտիանա Փէյսըրզ, Պոսթըն Սելթիքս, Աթլանթա Հոքս, Օրլանտօ Մեճիք (Արեւելեան շրջան), Սան Անթոնիօ Սփըրզ, Օքլահոմա Սիթի, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ (Արեւմտեան շրջան):

Վերջին վեց տոմսերուն համար պայքարը պիտի ըլլայ բաւական սուր` խումբերուն միջեւ:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ինտիանա Փէյսըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ 111-88
Օրլանտօ Մեճիք – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 113-100
Աթլանթա Հոքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 109-87
Նիւ Օրլինզ – Շարլոթ Հոռնեթց 75-67
Մայեմի Հիթ – Նիւ Ճըրզի Նեթց 101-98
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Շիքակօ Պուլզ 87-84
Տենվըր Նակեթց – Հիուսթըն Ռոքեթց 105-102
Եութա Ճեզ – Տալաս Մավըրիքս 123-121
Ֆէօնիքս Սանզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 125-107
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 120-99
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Օքլահոմա Սիթի 92-77

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Նիւ Եորք Նիքս – Պոսթըն Սելթիքս
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ

 

 

Share this Article
CATEGORIES