Հայրենի Ֆութպոլիստներ Արտասահմանի Մէջ. Մովսիսեան Եւ Մխիթարեան Կոլ Կը Նշանակեն
Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 39-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քրասնոտար 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռոսթովի հետ:
Թէեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Եուրա Մովսիսեան 74-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց Քրասնոտարի կոլը, սակայն մրցակից կազմը պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ 91-րդ վայրկեանին նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Քրասնոտար այժմ 53 կէտով կը գրաւէ 9-րդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ` 80 կէտով:
Հայաստանի ազգային հաւաքականին մաս կազմող այլ մարզիկի մը` Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Շախտիոր Տոնեցք, Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, իր դաշտէն դուրս 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Զարիան:
Մխիթարեան, որ այս մրցումին նշանակեց երկու կոլ, երրորդին նշանակուելուն մէջ ալ իր դերը ունեցաւ, որովհետեւ իր վրայ կատարուած փենալթին կոլի վերածեց Լուիս Ատրիանօ:
Այժմ Շախտիոր, որ ունի 70 կէտ, կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը` իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Տինամօ Քիեւը:


