Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Բ. Դասակարգի Տղոց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մաս Կազմեց Ա. Խմբակին
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ կատարեց Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Լեռնալիբանանի նահանգի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Այդ 32 խումբերը բաժնուած են ութ խմբակի: Իւրաքանչիւր խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւող խումբը կ՛ապահովէ Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Լիբանանեան բանակի հաւաքականը, Սըուտ Տըպպայէն եւ Թալիհաթ Շըհիմը:
Ա., Բ., Գ. եւ Դ. խմբակներուն մրցումները տեղի պիտի ունենան չորեքշաբթի, 18 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 18:00-էն սկսեալ, իսկ Ե., Զ., Է. եւ Ը. խմբակներուն մրցումները` ուրբաթ, 20 ապրիլին, դարձեալ նոյն ժամէն սկսեալ:
Նշենք, որ Լիբանանի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Լեռնալիբանանի նահանգը պիտի ունենայ վեց խումբ:
CATEGORIES Մարզական

