19-23 Ապրիլին Արաբական Եւ Արեւմտեան Ասիոյ Սամպոյի Ախոյեանութիւն` Լիբանանի Մէջ
Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 19-23 ապրիլին ֆետերասիոնի ժամանակաւոր կեդրոնատեղիին մէջ (Պուտտա ակումբ, Ատմա) տեղի պիտի ունենայ Արաբական եւ Արեւմտեան Ասիոյ Սամպոյի ախոյեանութիւնը` գործակցութեամբ Ասիոյ Սամպոյի ֆետերասիոնին:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Իրաք, Մարոք, Ալճերիա, Թունուզ, Սուրիա, Յորդանան, Եմէն, Եգիպտոս, Սուտան, Պաղեստին եւ Լիբանան:
Պատուիրակութիւնները Լիբանան պիտի սկսին ժամանել հինգշաբթի, 19 ապրիլէն սկսեալ: Կիրակի, 22 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ փակման արարողութիւնը:
Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ կը յայտնէ, որ բացման արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Ասիոյ Սամպոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆայսալ Տին Պուլաթով:
CATEGORIES Մարզական

