«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ – Ռէալ Մատրիտ` 2-1. Այսօր` Չելսի – Պարսելոնա
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի առաջին մրցումին, Պայէրն Միւնիխ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռէալ Մատրիտը, քիչ մը դժուարութեամբ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Գերմանական կազմը իր յաղթանակի կոլը նշանակեց մրցումին վերջին վայրկեանին` շնորհիւ Մարիօ Կոմեզի: Ֆրանք Ռիպերի նշանակեց Պայէրնի եւ մրցումին առաջին կոլը (17-րդ), իսկ Մեսութ Էօզիլ` Ռէալ Մատրիտի կոլը (53-րդ):
Սակայն հակառակ իր արձանագրած այս հաւասարութեան, եթէ Պայէրն Միւնիխ յառաջիկայ շաբաթ դարձի մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրէ, դուրս պիտի մնայ մրցաշարքէն:
Այսօր տեղի պիտի ունենայ կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումը, որուն ընթացքին ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Չելսի պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան:
CATEGORIES Մարզական


