ԼԵՎԱՄ-ի Արդիւնքներ Եւ Յայտագիր

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի  կազմակերպած Ֆութպոլի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 ապրիլ 2012-ին, Պուրճ Համուտի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, ուր ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ, մրցակցութեան մեծ կորով եւ մարզական բարձր ոգի: Մասնակցող հինգ վարժարաններ մրցեցան տիրանալու միօրեայ մրցաշարքի ախոյեանութեան տիտղոսին:

Մրցումներուն իրաւարարութիւնը ստանձնած էին ՀՄԸՄ-ական եղբայրներ: Մրցումներուն եւ մարզիկներուն բարձր մակարդակը այն աստիճան լաւ էր, որ յայտնի չէր, թէ ո՛ր խումբը պիտի հանդիսանայ ախոյեան: Նշանակուեցան այնպիսի գեղեցիկ կոլեր, որոնց պատկերասփռումն ու վերատեսութիւնը լաւ պիտի ըլլար:

Մրցաշարքի աւարտին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.

Շամլեան – Հարպոյեան  2-3
Մեսրոպեան – Եղիշէ Մանուկեան 2-3
Հարպոյեան – Ճեմարան 4-6
Եղիշէ Մանուկեան –  Հարպոյեան 5-2
Ճեմարան – Մեսրոպեան 4-5

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ

1.- ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
2.- ՃԵՄԱՐԱՆ
3.- ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
4.- ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
5.- ՇԱՄԼԵԱՆ

Ամէնէն շատ կոլ նշանակեց Շանթ Պալեան (Հարպոյեան) 5 կոլ:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած պասքեթպոլի մրցաշարքը շարունակուեցաւ կիրակի, 15 ապրիլ 2012-ին, ՀՄԸՄ – Աղբալեան մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Տեղին է նշել, որ այս հանգրուանին սկսան կիսաւարտականի մրցումները  եւ արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.

(98/99 Տղաք) Մեսրոպեան – Ս. Հռիփսիմեանց 14-15
(94/95 Տղաք) Ս. Հռիփսիմեանց – Մեսրոպեան (Կիսաւարտական) 61-31
(96/97 Աղջիկներ) Ճեմարան – Ս. Հռիփսիմեանց  30-12
(94/95 Տղաք) Ճեմարան – Եղիշէ (Կիսաւարտական) 26-41
(94/95 Աղջիկներ) Եղիշէ – Հարպոյեան (Կիսաւարտական) 19-36

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումները պիտի շարունակուին այս շաբաթավերջին` «ՀՄԸՄ- Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, շաբաթ, 21 ապրիլ 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.

………………………………………………………….ԺԱՄ

(96/97 Աղջիկներ) Եղիշէ – Ս. Հռիփսիմեանց 10:00
(96/97 Տղաք) Եղիշէ – Մեսրոպեան 11:00
(98/99 Տղաք) Եղիշէ – Մեսրոպեան 12:30
(98/99 Աղջիկներ) Մեսրոպեան – ԿԲՎ 13:15
(98/99 Աղջիկներ) Ճեմարան – Յառաջ 14:15
(96/97 Աղջիկներ) Ճեմարան – Աւետ. Այնճար 15:15
(96/97 Տղաք)      Ճեմարան – Աւետ. Այնճար 16:00

 

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
(www.levam.org)

 

Share this Article
CATEGORIES