Ճատրակ. Պէյրութի 5-րդ Միջազգային Բաց Մրցաշարք. 9-Րդ Հանգրուանի Մրցումներով Այսօր Կ՛Աւարտի Մրցաշարքը
Այսօր` չորեքշաբթի, 18 ապրիլին, կ՛աւարտի Պէյրութի ճատրակի միջազգային 5-րդ բաց մրցաշարքը, երբ տեղի կ՛ունենան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Երէկ, 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լիզա Սոլովիովայի հետ:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք Քոթանճեան այժմ 7 կէտով առանձնացած կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ:
Քոթանճեանի այսօրուան մրցակիցը պիտի ըլլայ լիբանանցի Ֆայսալ Խէյրալլա, որ ունի 6 կէտ:
Յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, Քոթանճեան պիտի տիրանայ տիտղոսին, ինչ որ ալ ըլլան մնացեալ մրցումներուն արդիւնքները:
Ժիրայր Օգնայեան այժմ ապահոված է 5 կէտ, Գրիգոր 4.5 կէտ, իսկ Ռազմիկ Օգնայեան` 4 կէտ: Օգնայեան` 4 կէտ ապահոված է նաեւ Րաֆֆի Ճիկերեան, իսկ Հրակ Գըլըպոզեան` 3 կէտ:

