Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Հասաւ Աւարտական Հանգրուան
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Ռիատի Պէյրութ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը:
Նախորդ երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած Ռիատի Պէյրութ իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելով ապահովեց աւարտական հանգրուանի իր տոմսը. անիկա կը մրցի Անդրանիկ Պէյրութ – Շանվիլ մրցումին յաղթականին դէմ:
Անդրանիկ Պէյրութ, որ այժմ 2-0 արդիւնքով կը յառաջանայ, այսօր իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Երէկուան մրցումին Ռիատի իր յաղթանակը արձանագրեց 71-58 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 8-9, 20-13, 18-22 եւ 25-14:
ՀՄԸՄ-էն Նաթալի Սվաճեան նշանակեց 27 կէտ, իսկ Լէյլա Ֆարես` 19 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

