«Գաղթականներու Հարցը Կը Չափազանցուի, Որպէսզի Թուրքիոյ Վարչապետին Ակնարկած Մարդասիրական Միջանցքներու Ծրագիրը Գործադրուի» Կ՛Ըսէ Մոալլեմ
Չինական «Շինկհուա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եանք Ժիաշի Փեքինի մէջ հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ եւ հանդիպումին սկիզբը իր սուրիացի գործընկերոջ յայտնած է, որ չինական կողմը Մոալլեմի այցելութեան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ` նշելով, որ «կրնանք Սուրիոյ կացութեան շուրջ կարծիքներ փոխանակել լայն եւ համապարփակ կերպով»: Ան Մոալլեմի այցելութենէն դրական արդիւնքներ նախատեսած է:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Մոալլեմ Փեքինի մէջ խոստացած է յարգել Սուրիոյ մէջ զինադադար հաստատելու ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը:
Սուրիոյ դիւանագիտութեան պետը Փեքինի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ կեցուածքները միջազգային բեմահարթակին հաւասարակշռութիւնը վերականգնեցին եւ արգիլեցին Սուրիոյ դիմագրաւածին նման միջազգային հարցերու միակողմանի լուծումները»:
Մոալլեմ յայտնեց, որ միջազգային դէտերու ներկայութիւնը Սուրիոյ համար իսկական շահ մըն է, որովհետեւ սուրիական կառավարութիւնը կայունութեան ապահովումէն իսկական շահ կ՛ապահովէ: «Այն ինչ որ կը յուսանք այն է, որ դէտերու մէկ մասը տեղակայուին այն շրջաններուն մէջ, զորս լարուածութեան շրջաններ կը նկատենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «դէտերու 250 հոգինոց թիւը տրամաբանական է, եւ մենք չէզոք երկիրներէ եկած դէտերը կ՛ողջունենք»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ «Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրին յանձնառութիւնը ինքնապաշտպանութեան եւ պետական ու սեփական կալուածներու պաշտպանութեան իրաւունքը չի ջնջեր»: Ան ըսաւ, որ «գաղթականներու հարցը կը չափազանցուի, որպէսզի Թուրքիոյ վարչապետին ակնարկած մարդասիրական միջանցքներու ծրագիրը գործադրուի»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ «սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը կը փորձէ ստեղծել գրգռութիւններ, որոնց նպատակը Սուրիոյ մէջ զինադադարը ձախողութեան մատնելն է»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Քեթրին Էշթըն իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը «տակաւին փխրուն է»` պահանջելով բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնել եւ Անանի ծրագիրը անմիջապէս գործադրել: Ան Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, որ Սուրիոյ կացութեան տակաւին անկայուն եւ փխրուն ըլլալուն մեծագոյն փաստը Հոմսի, Համայի եւ Հալէպի մէջ տեղի ունեցող բռնարարքներն են:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ նշեց, որ սուրիական վարչակարգին դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն պատճառով Սուրիոյ օտար դրամանիշերու պաշարներուն կէսը սպառած է:
Ապահովական գետնի վրայ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «ահաբեկչական զինեալ խմբակ մը» Իտլիպի Մասթումա գիւղին մէջ ապահովական ուժերը թիրախ դարձնող ական մը պայթեցուցած է` պատճառելով 7 զոհ եւ վիրաւորելով 11 ուրիշներ: Զոհերուն շարքին է սպայ մը:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ դէպի Սուրիա զէնք փոխադրող գերմանական «Աթլանթիք Քրուզըր» նաւը կանգնեցուած է Ալեքսանտրէթի նաւահանգիստին մօտ: Թրքական կողմը կը պատրաստուի նաւուն բեռը ուսումնասիրելու:

