Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ Իտալիոյ նախագահ Ճիորճիօ Նափոլիթանոյի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան միջազգային երկխօսութեան տարածք է` կոչ ուղղելով, որ Եւրոպայի եւ արաբական աշխարհի ժողովրդավարական ու ազատական կուսակցութիւններուն միջեւ դաշինք մը գոյանայ:

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան համադաշնակցութիւնը այսօրուան իր գործադուլը յետաձգեց յառաջիկայ հինգշաբթի, 26 ապրիլին:

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդին կողմէ հրապարակուած շրջաբերականի մը համաձայն, երեքշաբթի, 1 մայիս 2012-ին, Աշխատաւորներու միջազգային տօնին առիթով պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ֆաթհ Իսլամ շարժումը վերաշխուժացնելու փորձեր կան` վերսկսելու համար ահաբեկչական գործողութիւններու:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի քաղաքական գետնի վրայ ձախողած է եւ օր մը անպայման պիտի հրաժարի:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ Հասան Քապալան յայտնեց, որ Կանա կը վկայէ, թէ միջազգային ընտանիքը անկարող է պաշտպանելու քաղաքայինները` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը Իսրայէլի բռնարարքներուն եւ բռնագրաւումին դէմ դնելու միակ միջոցն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ կարգ մը նախարարներու վստահութեան քուէն վերատեսութեան ենթարկելու առումով ընդդիմութեան գրաւները ձախողած են:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժիհատ Ազուր յայտնեց, որ կարելի չէ Լիբանանի մէջ ընկերային տագնապալի պայմաններու տակ շարունակել գոյատեւել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը խոստումներէն բացի ոչինչ կրնայ ներկայացնել մեզի:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն շեշտեց Ալի Շաապանի սպանութեան մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքներուն սպասելու կարեւորութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը լիբանանեան արտադրութիւն չէ` աւելցնելով, որ ան պիտի շարունակէ գոյատեւել սուրիական որոշումով եւ Հըզպալլայի զօրակցութեամբ:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամներէն մէկը «Լիուա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան ներկայ ընթացքը անփոփոխ պիտի շարունակուի:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ ինք իր կարծիքը չ՛ուզեր տալ Ալի Շաապանի սպանութեան մասին, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ այդ սպանութեան թղթածրարը կը գտնուի երկրին դատական իշխանութիւններուն սեղանին վրայ:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ կառավարութեան վստահութեան քուէն վերատեսութեան ենթարկելու որոշում չկայ, որովհետեւ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ անոր նախարարները կառչած կը մնան կառավարութեան գոյատեւումին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ արաբական երկրի մը դեսպանատան զինուորական կցորդը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական սպանութիւններուն վերադարձը հաւանական է: Ան աւելցուց նաեւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ շարք մը երեսփոխաններ եւ յայտնի անձնաւորութիւններ կրնան սպանութեան թիրախ դառնալ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Օպէյտ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը հիմք է, իսկ քաղաքական կեցուածքը կարեւոր է, եթէ անիկա կը համընկնի Դիմադրութեան ուղեգիծին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ռահհալ «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլա մօտիկ ապագային պիտի ապազինուի: «Մենք շատ մօտ ենք Հըզպալլայի զինաթափումը գործադրելու», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES