Զասպիքին. «Մենք Լիբանանեան Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն Հետ Կապի Մէջ Ենք»

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին «Հայաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Մոսկուա լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ կապի մէջ է, ըլլան անոնք իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր:

Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի քաղաքացիական անվտանգութեան եւ լիբանանեան ազգային համերաշխութեան պահպանումին:

Ռուսիոյ դեսպանը ընդգծեց, որ Մոսկուա լիբանանեան քաղաքական այս կամ այն ուժին հաշուոյն ուրիշներու հետ յարաբերութիւններ չի մշակեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES