«Ղաժար Գիւղաքաղաքի Հարցը Քաղաքական Է» Շեշտեց Զօր. Սերրա

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա յայտնեց, որ Ղաժար գիւղաքաղաքի հարցը քաղաքական է` մաղթելով, որ մօտիկ ապագային այդ հարցը կարելի ըլլայ լուծել:

Զօր. Սերրա յայտնեց, որ այդ թղթածրարին լուծումը ՖԻՆԻՒԼ-ի պարտականութիւնն է եւ մաս կը կազմէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին: Ան շեշտեց, որ սահմանային Կապոյտ գիծին մօտակայքը հանդարտութիւն եւ խաղաղութիւն կը տիրէ:

Զօր. Սերրա ընդգծեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին հետ գործակցութիւնը շատ կարեւոր են Լիբանանի կայունութեան պահպանումին եւ շրջանային խաղաղութեան հաստատումին համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES