Նահհասի Հետ Հանդիպելէ Ետք Փուռերու Սեփականատէրերու Սենտիքան Կը Ջնջէ Իր Որոշած Գործադուլը

Նահհաս կը յայտարարէ հանդիպումին արդիւնքները

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Փուռերու սեփականատէրերու սենտիքայի մէկ պատուիրակութեան հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սենտիքային դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին գոյացան համաձայնութիւններ, ըստ որոնց, մէկ կապ արաբական հացին սակը պիտի սղի եւ պետութիւնը օժանդակութիւն պիտի ներկայացնէ փուռերուն ու ալրաղացներուն:

Միւս կողմէ, սակայն, այդ կէտերուն մասին կառավարութիւնը վաղուան իր նիստին ընթացքին պիտի տայ իր հաւանութիւնը եւ ապա գործադրութեան պիտի դրուին այդ որոշումները:

Այս հանդիպումին իբրեւ արդիւնք Փուռերու սեփականատէրերու սենտիքան ջնջեց այսօր սկսելիք իր բաց գործադուլը:

Share this Article
CATEGORIES