Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Զօր. Քահուաժին
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Միւս կողմէ, Հանրային ցամաքային փոխադրութեան մարզի վարորդներու սենտիքայի նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի սկզբունքով համաձայն գտնուած է հանրային փոխադրութեան ծառայող ինքնաշարժներուն համար պենզինի թիթեղին սակը ճշդել 30 հազար լ. ոսկի:
CATEGORIES Լիբանանեան


