Նախագահ Սլէյման Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սիտնիի Լիբանանեան Գաղութին Հետ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Սիտնիի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան այս հանգրուանին վերածնունդ կ՛ապրի, յատկապէս նկատի ունենալով արաբական երկիրներուն դէպի ժողովրդավարութիւն անցումային հանգրուանը:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանանի կարգախօսը հիմնուած է ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքները յարգելու սկզբունքներուն վրայ:
Ան նշեց սակայն, որ մտահոգութեան հիմնական պատճառն է օտար միջամտութիւնը եւ անկէ վախը: «Այդ միջամտութիւնները արաբական երկիրներուն շահերուն չեն ծառայեր եւ անհրաժեշտ է անոնց դէմ դնել, որովհետեւ անոնք կը ծառայեն թշնամի Իսրայէլի շահերուն», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ պէտք է պահպանել Միջին Արեւելքի մէջ բոլորին ներկայութիւնը եւ զանոնք մասնակից դարձնել քաղաքական կեանքին` ապահովելու համար իրենց ներկայութիւնը:
Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապը վերջ գտնէ եւ ակնկալուած բոլոր բարեկարգումներն ու ժողովրդավարութիւնը կարելի ըլլայ գործադրել, առանց այս կամ այն կողմին միջամտութեան:
«Մեր նպատակն է Սուրիոյ հրդեհը մարել, եւ եթէ չկրցանք, պէտք չէ զայն աւելի հրահրենք, որպէսզի Լիբանան չհասնի: Այսուհետեւ Լիբանան այս կամ այն երկրին հաշիւները մաքրելու դաշտ պիտի չըլլայ, ինչպէս նաեւ պիտի չծառայէ իբրեւ Սուրիոյ քանդումի խարիսխ մը», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման վերահաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքին գործադրութեան:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ որքան ալ բարդ ըլլան դժուարութիւնները, ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի` երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարելու, ինչպէս նաեւ առիթ տալու, որ արտերկրի լիբանանցիները իրենց կարգին մասնակցին այդ ընտրութիւններուն:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց նաեւ, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նաեւ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը որդեգրելու եւ վերջ տալու երկրին մէջ տիրող փտածութեան: Ան նշեց, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը կայուն է:
Ան դրուատեց լիբանանեան բանակի դերակատարութիւնը երկրին եւ քաղաքացիական անվտանգութեան ապահովումին իմաստով` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը հայրենիքին ծառայող բանակ մըն է եւ ոչ վարչակարգին: Նախագահ Սլէյման աւելցուց, որ լիբանանեան բանակը արժանի է ամէն տեսակի զօրակցութեան:
ՆՇԵՆՔ, որ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նախագահ Սլէյմանի Աւստրալիա կատարած այցելութիւնը պատմական է եւ պիտի նպաստէ Լիբանանի ու Աւստրալիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումին:


