Խորհրդարանը Շարունակեց Կառավարութեան Հարցապնդումի Իր Լիագումար Նիստը
Նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, խորհրդարանը երէկ երկրորդ օրն ըլլալով շարունակեց կառավարութեան հարցապնդումի իր լիագումար նիստը:
Կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին սկսած նիստին ընթացքին Պըրրի մաղթեց, որ խօսք առնող երեսփոխանները կարելի եղածին չափ հակիրճ ներկայացնեն իրենց տեսակէտներն ու հարցումները, որպէսզի կարելի ըլլայ առիթ տալ, որ մեծ թիւով երեսփոխաններ արտայայտուին:
Պըրրի հաստատեց, որ այլապէս ինք պիտի ստիպուի զիրենք ժողովի հրաւիրել նաեւ յառաջիկայ շաբաթ օր: «Հետեւաբար, ժողովի շաբաթավերջին զուգադիպելուն մասին աւելի ուշ մի՛ բողոքէք», ըսաւ Պըրրի:
Առաւօտեան նիստին ընթացքին առաջին խօսք արտասանողը եղաւ երեսփոխան Ղազի Զաայթեր, որ պատասխանեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կատարած յայտարարութիւններուն` ընդգծելով, որ եթէ անոնք Լիբանանի շահերուն մասին կը մտածեն, ապա պէտք է Իսրայէլի գործած Կանայի սպանդները մատնանշեն եւ ոչ թէ Սուրիոյ միջադէպերը:
Զաայթեր անդրադարձաւ նաեւ Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն եւ ընդգծեց, որ Լիբանանի համար կրնայ ծանր բեռ ըլլալ նաեւ անոնց հոգատարութիւնն ու գաղթակայաններու կառուցումը:
Զաայթեր պահանջեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կամ Լիբանանի բարեկամ որեւէ երկրի նախագահի դէմ խորհրդարանին մէջ դատապարտում կամ ցեխարձակում չըլլայ:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Թոնի Ապու Խաթեր խստիւ դատապարտեց կառավարութեան դերակատարութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծի պատրաստութեան առումով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի միջեւ ծագած տարակարծութիւնները:
Ապու Խաթեր ակնարկեց նաեւ Զահլէի կարիքներուն` քննադատելով կառավարութիւնը, որ բարգաւաճման ոչ մէկ ծրագիր նախատեսած է կամ գործադրած Զահլէի համար:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ իր կարգին արտասանեց խօսք մը, որ դահլիճին մէջ յառաջացուց փոթորիկ մը:
Ան խստիւ դատապարտեց ընդդիմութիւնը եւ պաշտպանեց կառավարութիւնը:
Ասուատ շեշտեց, որ երկրին ներկայ կառավարութիւնը փորձանքներով լեցուն ժառանգութիւն մը ստանձնած է նախկին իշխանաւորներէն:
Ասուատի խօսքին ընթացքին բանավէճ մը արձանագրուեցաւ իր եւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթի միջեւ:
Ասուատ յայտնեց, որ ելեկտրական հոսանք արտադրող թրքական նաւերու հարցով ուժանիւթի նախարար Ժըպրան Պասիլը աւազակութեան յանցանքով ամբաստանողը պէտք է իմանայ, որ Լիբանանի մէջ թրքական նաւերու այդ ընկերութեան ներկայացուցիչը Մուսթաքպալ հոսանքի փոխնախագահ Սամիր Տումեթն է:
Այս յայտարարութեան ընդմիջեց Ֆաթֆաթ` լուսարձակի տակ առնելով «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի թղթածրարը, որուն Ասուատ պատասխանեց հետեւեալ կերպով. «Կինս 16 տարիէ ի վեր «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի պաշտօնեայ է եւ ան իր ամսական աշխատավարձը կը ստանայ բոլորին նման»:
Խօսք առաւ նաեւ երեսփոխան Ալի Ֆայեատ, որ յայտնեց, թէ Հըզպալլայի զէնքին մասին խօսող կողմերը քաղաքական գետնի վրայ սնանկացած անձնաւորութիւններ են, որոնք այս յայտարարութիւններով կը փորձեն վերստին ժողովրդականութիւն շահիլ:
Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի քաղաքական թունաւոր յարձակում մը գործեց կառավարութեան դէմ:
Հուրիի արտասանած խօսքին ընթացքին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան անդամ Նաուաֆ Մուսաուի ընդդիմացան անոր յայտարարութիւններուն եւ արձանագրեցին բանավէճ մը:
Խօսքեր արտասանեցին նաեւ երեսփոխաններ Ապտել Մեժիտ Սալեհ եւ Ժամալ Ժարրահ:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին խորհրդարանը վերսկսաւ իր նիստին, որուն ընթացքին խօսք առաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա:
Ֆատլալլա հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ այդքան պոռչտուք կայ խորհրդարանին մէջ: «Արդեօ՞ք որովհետեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը կարծէին, որ կառավարութիւնը 48 ժամէն պիտի տապալի», հարց տուաւ ան:
Ֆատլալլա ըսաւ, որ իրենք կը զօրակցին Իսրայէլի դէմ ուղղուած զէնքին, իսկ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը զօրակցին այն զէնքին, որ դէպի Սուրիա կը մաքսանենգուի:
Այս յայտարարութիւնը ընդմիջուեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի կողմէ, որ յայտնեց, թէ Հըզպալլա սպաննած է լիբանանեան բանակի զինուորներ: «Իսկ դուք սպաննած էք շատ շատեր` եւ եթէ կ՛ուզէք` փաստաթուղթերը բացայայտենք», պատասխանեց Ֆատլալլա:
Իր կարգին, երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրաւունք չունին Լիբանանի կառավարութիւնը քննադատելու, որովհետեւ անոնք փտածութեան առումով լուրջ «նուաճումներ» ունին: Ան աւելցուց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերն են, որոնք կ՛արգելակեն լիբանանցիներուն ծառայութիւններ մատուցելու կարելիութիւնները եւ այդ յանցանքը կը փորձեն վերագրել կառավարութեան եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կառավարութիւնը քննադատեց Սուրիոյ հետ Լիբանանի սահմանները լքուած ձգելուն համար եւ աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը դիւանագիտական տարազով երկրորդ Ռըսթոմ մըն է:
Խօսք առաւ նաեւ Մէկ եւ միացեալ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ըսթֆեն Տուէյհի, որ յայտնեց, որ Զղարթայի մէջ անհրաժեշտ է ընկերային տագնապները լուծել:
Տուէյհիի խօսքին ընդմիջեց երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ, որ Տուէյհիէն ստացաւ հետեւեալ պատասխանը. «Ես քեզմէ աւելի պատուաւոր եմ, պարո՛ն»:


