Թաքսիմի Հրապարակին Վրայ Հակահայկական Պաստառներ Պարզած Անձերը Ձերբակալուած, Ապա Ազատ Արձակուած Են

«Սի. Էն. Էն. Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» նուիրուած ցոյցին ընթացքին ցեղապաշտական, հակահայկական պաստառներ պարզած 9 մարդիկ ձերբակալուած, ապա ազատ արձակուած են: Ձերբակալուածներէն երկուքը կին էին:

Անոնք հարցաքննութեան ընթացքին յայտարարած են, որ մասնակցած են ցոյցերուն եւ այդ ընթացքին անյայտ անձեր իրենց տուած են այդ պաստառները: Հարցաքննութենէն ետք անոնք ազատ արձակուած են:

Նշենք, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը նշեալ ցոյցին մասնակցելով այդպիսի պաստառի մը տակ կանգնած հակահայկական խօսքեր արտայայտած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES