«Հայերը Եւ Ասորիները Մեծ Տառապանքներ Կրած Ու Հեռացած Են, Սակայն Կորսնցնողը Մենք Եղած Ենք» Կ՛Ըսէ Տիգրանակերտի Քաղաքապետը
Թրքական «Հապերլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Աշխարհի ասորիներու խորհուրդի նախագահ Ճոնի Մեսոյի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցած է Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի հետ:
Պայտեմիր յայտնած է, որ 20-րդ դարու սկիզբը Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած են շատ ցաւալի իրադարձութիւններ, որոնց պատճառով Տիգրանակերտի համար քիւրտերուն չափ քրտինք թափած եւ մեծ ներդրում կատարած հայերը, ասորիները եւ եզիտիները ստիպուած եղած են արտագաղթել:
«Անոնք մեծ տառապանքներ կրած են եւ հեռացած, սակայն վստահ եղէք, որ մենք` այստեղ մնացողներս կորսնցուցած ենք: Անոնց երթալէն ետք մենք աղքատացանք եւ կորսնցուցինք մեր խաղաղութիւնը: Ներկայիս սերունդը դէմ յանդիման եկած է պատմութեան հետ եւ կը դատապարտէ անցեալին տեղի ունեցած անխղճութիւնները», ըսած է Պայտեմիր:
Ան աւելցուցած է, որ Քրտական համայնքներու միութեան հարցով դատական գործին մէջ իր դէմ գոյութիւն ունեցող մեղադրանքներու պատճառով չի կրնար երկրէն դուրս գալ եւ մշակութային կապեր հաստատել արտասահման հեռացած հայերու, ասորիներու եւ եզիտիներու հետ:
Աշխարհի ասորիներու խորհուրդի նախագահ Ճոնի Մեսօ նշած է, որ Օսման Պայտեմիրի խօսքերը զինք ոգեւորած են, եւ ան այդ ուղերձները պիտի հասցնէ ասորական համայնքի ներկայացուցիչներուն:


