Օսկանեան. «Նախագահի Հանդուրժողականութեան Կոչերը Կ՛Արհամարհուին»
Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեան երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց Արմաւիրի եւ Երեւանի թիւ 7 ընտրատարածքին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերուն առնչութեամբ` նշելով, որ անոնք ցաւալի երեւոյթներ են եւ պէտք է առաւելագոյնը արագ կանխուին, քանի տակաւին ստուեր չեն ձգած ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ:
Ան նշեց, որ եթէ պատգամաւորութեան թեկնածուներու որոշ աշխատանքը կը խոչընդոտուի, բոլորին համար հաւասար պայմաններ չեն ստեղծուիր, բնականաբար, ատիկա կ՛ազդէ նաեւ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ: Ան չուզեց քաղաքական գնահատական տալ այդ պարագաներուն, քանի տակաւին իրաւապահ մարմինները եզրակացութիւն չեն տուած:
«Իրաւապահ մարմինները պէտք է շատ արագ զբաղին այս հարցերով, իրենց գնահատականը տան եւ միայն անկէ ետք կարելի է վերջնական բան ըսել: Միայն 7-րդ ընտրատարածքի խնդիրը չէ, նաեւ ստիպողաբար պատգամաւորական թեկնածութենէն հրաժարելու պարագայ կայ», աւելցուց Օսկանեան:
Անդրադառնալով լրագրողներէն մէկուն այն դիտարկման, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի նախագահին հանդուրժողականութեան վերաբերեալ կոչերը տեղ չեն հասնիր, ան պատասխանեց, որ այս ընթացքին հանդուրժողականութիւնը շատ կարեւոր է: Ան շատ ուրախ է, որ նախագահը այսպիսի կոչեր կ՛ուղղէ, բայց այս պահու դրութեամբ անոնք կ՛արհամարհուին: Ան յոյս յայտնեց, որ մարդիկ լսեն նախագահին կոչը, բոլորին կոչը, քանի որ հանդուրժողականութիւնը իսկապէս շատ կարեւոր է: Ան նշեց, որ բոլորին համար հաւասար պայմաններ պէտք է ըլլան, որպէսզի ժողովուրդը այլընտրանք ունենայ, ճիշդ որոշում տայ եւ կարելի ըլլայ ազատ, արդար ընտրութիւններու միջոցով ունենալ այնպիսի խորհրդարան մը, որուն Հայաստանի ժողովուրդը ամբողջութեամբ վստահի:


