Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Միջկուսակցական Միասնական Կեդրոնը Կը Դատապարտէ Օրինախախտումները

Արմէն Ռուստամեան

Հայ ազգային քոնկրեսի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան օրինախախտում նկատեց վերջերս թիւ 7 ընտրատարածքին մէջ տեղի ունեցած միջադէպը, երբ Հայ ազգային քոնկրեսի թեկնածուն փորձած է քարոզչութիւն կատարել, բայց փոխարէնը բռնութեան ենթարկուած է: Երէկ ընտրութիւններու հանրային վերահսկողութեան միասնական կեդրոնի հերթական նիստի ընթացքին Զուրաբեան առաջարկեց այդ հարցը լրջօրէն քննարկել եւ միասնական կեդրոնի անունով համապատասխան յայտարարութիւն կատարել այդ առնչութեամբ:

Միանալով Զուրաբեանի առաջարկին` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան առաջարկեց դատապարտող յայտարարութիւն կատարել ոչ միայն 7-րդ ընտրատարածքի, այլ նաեւ Արմաւիրի ամօթալի միջադէպին կապակցաբար, երբ թեկնածուի մը ահաբեկելու միջոցով ստիպեցին, որ ան հրաժարի իր թեկնածութենէն:

«Ժողովուրդը շատ մտահոգուած է, որ այսպիսի իրադարձութիւնները յանկարծ մնայուն կերպով չգործադրուին: Ասիկա ոչ միայն ահաբեկչութեան փորձ էր տուեալ թեկնածուի նկատմամբ, այլ նաեւ նոյն այդ մթնոլորտը փորձ կը կատարուէր սերմանել ընտրողներուն մէջ, ինչ որ բնականաբար ընդունելի չի կրնար նկատուիլ: Ուստի ես կը կարծեմ, որ պէտք է քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի հետագային այսպիսի դէպքեր չկրկնուին: Պէտք է նաեւ պահանջել, որ համապատասխան մարմինները, որոնք այսպիսի դէպքեր կ՛ուսումնասիրեն եւ կը կանխեն, իրենց գործով զբաղին», նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:

 

Share this Article
CATEGORIES