Արմաւիրի Մէջ ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Խօսեցան Կառավարման Համակարգի Ամբողջական Փոփոխութեան Մասին

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան նախանցեալ օր արմաւիրցի ընտրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ միակ խնդիրը այսօր գործող իշխանութիւններն են եւ այն համակարգը, որ ծնունդ կու տայ այսպիսի իշխանութիւններու, եւ Դաշնակցութիւնը եկած է ամբողջական իշխանափոխութիւն իրականացնելու` վճռական կամքով եւ ծրագիրով:

Ըստ անոր, այսօր բոլորը դարձած են դաշնակցականներէն աւելի դաշնակցական եւ կը խօսին այնպիսի գաղափարներու մասին, որոնց կրողը եղած է Դաշնակցութիւնը 122 տարի շարունակ:

Արմէն Ռուստամեան նշեց այն բոլոր պատճառները, թէ ինչո՛ւ ընտրողները իրենց քուէն Դաշնակցութեան պէտք է տան: «Վստահած ենք Դաշնակցութեան, զերոյէն, ոչինչէն ստեղծած ենք պետութիւն, վստահեցանք Դաշնակցութեան եւ յաղթեցինք Արցախեան ազատամարտին մէջ: Հիմա գլխաւոր իրաւունքը, որ պէտք է պաշտպանել, եւ Դաշնակցութիւնը այդ ուղղութեամբ ամէն ինչ պիտի ընէ, ձեր ընտրութեան իրաւունքն է: Մենք եկած ենք ըսելու, որ ՀՅԴ-ն իր ամբողջ կարողականութեամբ այդ գործին պիտի լծուի», յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է կոտրել այն կարծրատիպը, թէ ընտրութենէն ոչինչ կախեալ է, այդպէս մտածողները ջուր կը լեցնեն իշխանութիւններու ջրաղացին:

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, զօր. Արթուր Աղաբեկեան Արմաւիրի մէջ ընտրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց, որ ոչ մէկ տեղ այնքան յստակ խօսք, խոստում չեն լսած ընտրողները, որքան Դաշնակցութեան հանրահաւաքին ընթացքին: Ըստ անոր, Դաշնակցութեան բոլոր խոստումները մանրամասն կշռադատուած եւ հաշուարկուած են:

«Ձեր զաւակը լաւ պիտի ապրի միայն ու միայն այն պարագային, եթէ դուք ունենաք դաշնակցական իշխանութիւն», նշեց ան:

Ըստ պատգամաւորին, եթէ ցանկութիւն կայ ունենալու լաւ ապագայ, ապա վաղը յստակ կողմնորոշուածներէն իւրաքանչիւրը պէտք է արթննայ, դրացիին դուռը զարնէ եւ բացատրէ, որ եթէ կ՛ուզէ լաւ ապրիլ, ապա Դաշնակցութեան ընտրելէն բացի այլընտրանք չունի: Այդ խօսքը Աղաբեկեան բոլորին լիազօրեց ըսել Դաշնակցութեան անունով:

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան իր կարգին յայտարարեց, որ «այս ընտրութիւններէն կախեալ է մեր երեխաներուն, ծնողներուն, մեր ընտանիքի անդամներուն վաղուան օրը»: Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը այս պատճառով ներկայացուց ծրագիր մը, ուր յստակօրէն ամրագրուած են թիրախները, որոնց ուղղուած յստակ քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք յառաջիկայ 5 տարիներուն ընթացքին պէտք է ստեղծուին 200 հազարէ ոչ պակաս աշխատատեղեր:

Ան նաեւ նշեց, որ Դաշնակցութիւնը կրնայ կենսաթոշակները հասցնել երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող նուազագոյն սպառողական զամբիւղի մակարդակին, բարձրացնել նուազագոյն աշխատավարձերը` մինչեւ միջին աշխատավարձի կէսին չափ, երեխաներուն համար սահմանել նպաստներ, իսկ  5 եւ աւելի երեխաներ ունեցողներուն տրամադրել անվճար բնակարան:

«Մենք պատրաստ ենք այս ամէնը կեանքի կոչել, մեր ժողովուրդի պէտքերը հոգալ: Եթէ մենք յաղթենք, եթէ յաղթէ մեր ծրագիրը, պիտի չըլլայ ոեւէ անձ, մարդ, որ տնտեսական դժուարութիւններու պատճառով չկարենայ բուժուիլ: Մենք կ՛երաշխաւորենք մեր քաղաքացիներու առողջութեան իրաւունքի ամբողջական ապահովումը: Մեր առաջարկած ծրագիրներուն համաձայն մեր երկրին տնտեսութիւնը պիտի կրկնապատկէ իր տնտեսական կարելիութիւնները եւ եռապատկէ մեր պիւտճէի կարելիութիւնները», նշեց Արծուիկ Մինասեան:

Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ կառավարման համակարգի ամբողջական փոփոխութիւն` վերցնել նշանակովի մարզպետերու դրութիւնը եւ ստեղծել ընտրովի մարզպետերու դրութիւն: Իսկ իւրաքանչիւր համայնք, ըստ Արծուիկ Մինասեանի, պիտի ունենայ իր աշխատատեղերու կարելիութիւնը եւ յստակ աշխատատեղերը` միջին եւ բարձր աշխատավարձերով եւ երաշխաւորուած կարելիութիւններով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES