«Եթէ Խորհրդարանին Մէջ Ընդդիմութեան Ներկայութեան Համեմատութիւնը Մեծնայ, Ապա Բոլորը Պիտի Շահին» Կ՛Ըսէ Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան նախանցեալ օր «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին վստահութիւն յայտնեց, որ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու պարագային իշխանութիւնը ապագայ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ունենալու որեւէ առիթ չունի: Ըստ անոր, պիտի ձեւաւորուի իրականութեան մօտիկ խճանկար մը, որ թոյլ պիտի տայ խորհրդարանը դարձնել լուրջ հակակշիռ գործադիր իշխանութեան եւ երկրին մէջ շեշտակի բան մը պիտի փոխուի:

Ըստ Ռուստամեանի, եթէ նոր Ազգային ժողովին մէջ ընդդիմութիւնը ունենայ աթոռներուն մէկ հինգերորդը, ատիկա լուրջ խնդիր լուծելու դաշտ պիտի բանայ ընդդիմութեան համար, եթէ ունենայ մէկ երրորդը` խնդիրները լուծելու առիթները աւելի պիտի մեծնան, իսկ եթէ ունենայ 50 առ հարիւր ներկայութիւն, նոյնիսկ քիչ մըն ալ պակաս, ատիկա բոլորովին այլ դաշտ պիտի բանայ, որմէ բոլորը պիտի շահին:

Share this Article
CATEGORIES